1
ՄԱՐԿՈՍ 13:13
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք։ Բայց ո՛վ որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի։
Mampitaha
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 13:13
2
ՄԱՐԿՈՍ 13:33
Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 13:33
3
ՄԱՐԿՈՍ 13:11
Բայց երբ ձեզ մատնելու տանին, առաջուընէ հոգ մի՛ ընէք եւ մի՛ մտածէք թէ ի՛նչ պիտի խօսիք, հապա այն ժամուն ինչ որ ձեզի տրուի՝ զանիկա խօսեցէք. վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա Սուրբ Հոգին»։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 13:11
4
ՄԱՐԿՈՍ 13:31
Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 13:31
5
ՄԱՐԿՈՍ 13:32
«Իսկ այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 13:32
6
ՄԱՐԿՈՍ 13:7
Բայց երբ լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր՝ մի՛ խռովիք, վասն զի պէտք է ըլլայ, բայց դեռ «Վերջ»ը չէ։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 13:7
7
ՄԱՐԿՈՍ 13:35-37
Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէս գիշերին՝ հաւախօսի՞ն՝ թէ առտուն։ Չըլլայ որ յանկարծակի գայ ու ձեզ քունի մէջ գտնէ։ Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 13:35-37
8
ՄԱՐԿՈՍ 13:8
Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ երկրաշարժներ պիտի ըլլան. սովեր ու խռովութիւններ ալ պիտի ըլլան։ Ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 13:8
9
ՄԱՐԿՈՍ 13:10
Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 13:10
10
ՄԱՐԿՈՍ 13:6
վասն զի շատեր պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ ‘Ես եմ Քրիստոսը ’ ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 13:6
11
ՄԱՐԿՈՍ 13:9
Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն համար. քանզի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու ժողովարաններու մէջ ձեզ պիտի ծեծեն եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի կենաք՝ անոնց վկայութիւն տալու համար։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 13:9
12
ՄԱՐԿՈՍ 13:22
վասն զի սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու նշաններ եւ հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որպէս զի եթէ կարելի ըլլայ, ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 13:22
13
ՄԱՐԿՈՍ 13:24-25
«Բայց այն օրերը այն նեղութենէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։ Եւ աստղերը երկնքէն պիտի թափթփին ու երկնքին մէջի զօրութիւնները պիտի շարժին։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 13:24-25
Fidirana
Baiboly
Planina
Horonan-tsary