ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 15

15
Նախնիքներու ուսուցումները
(Մր 7.1-13)
1Այն ատեն Յիսուսի մօտեցան Փարիսեցիներ եւ Օրէնքի ուսուցիչներ, որոնք Երուսաղէմէն եկած էին, եւ ըսին.
2Ինչո՞ւ աշակերտներդ մեր նախնիքներու աւանդութիւնը կ՚անտեսեն։ Օրինակ, ճաշելէ առաջ չեն լուար իրենց ձեռքերը։
3Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Իսկ դո՞ւք ինչու կ՚անտեսէք Աստուծոյ պատուիրանը՝ ձեր աւանդութիւնը պահելու համար։ 4Որովհետեւ Աստուած կ՚ըսէ.
«Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ», 5եւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ՝ մահուան պիտի դատապարտուի»։ 6Մինչ դուք կ՚ըսէք. - «Ով որ իր հօր կամ մօր ըսէ՝ «Այն օգնութիւնը որ ինձմէ պիտի ստանայիր՝ Աստուծոյ նուիրուած է», պարտաւոր չէ՛ յարգելու իր հայրն ու մայրը»։ Ահա այսպիսով դուք Աստուծոյ խօսքը կ՚անարգէք՝ ձեր աւանդութիւնը պահելու համար։ 7Կեղծաւորնե՛ր, Եսայի մարգարէ ճիշդ մարգարէացած է ձեր մասին, երբ կ՚ըսէ.–
«Այս ժողովուրդը միայն
շրթունքներով զիս կը պատուէ,
մինչ իր սիրտը շատ հեռու է ինձմէ։
9 Պարապ տեղ զիս կը պաշտեն,
որովհետեւ իրենց սորվեցուցածները
մարդոց կողմէ տրուած պատուիրաններ են»։
Ի՞նչն է որ մարդս կ՚ապականէ
(Մր 7.14-23)
10Յետոյ Յիսուս իր մօտ կանչեց ժողովուրդը եւ ըսաւ անոնց.
– Մտիկ ըրէք ու լա՛ւ հասկցէք։ 11Բերնէն մտածը չէ՛ որ կը պղծէ մարդը, այլ ինչ որ դուրս կ՚ելլէ բերնէն՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդը։
12Այն ատեն աշակերտները մօտեցան իրեն եւ ըսին.
– Գիտե՞ս որ Փարիսեցիները երբ ըսածդ լսեցին, գայթակղեցան։
13Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Ոեւէ տունկ որ երկնաւոր Հայրս չէ տնկած՝ արմատախիլ պիտի ըլլայ։
14Ձգեցէ՛ք զիրենք, կոյրեր են՝ կոյրերու առաջնորդ։ Երբ կոյրը ուրիշ կոյր մը կ՚առաջնորդէ՝ երկուքն ալ փոսը կ՚իյնան։
15Պետրոս խօսք առնելով ըսաւ Յիսուսի.
– Բացատրէ՛ մեզի այդ առակը։
16Յիսուս ըսաւ.
– Տակաւին դո՞ւք ալ անմիտ էք։ 17Չէ՞ք հասկնար, թէ ինչ որ մարդուս բերանը կը մտնէ՝ անոր ստամոքսը կ՚երթայ եւ ապա դուրս կ՚ելլէ։ 18Մինչդեռ ինչ որ մարդուս բերանէն կ՚ելլէ՝ սիրտէն դուրս կու գայ, եւ ատիկա է որ կը պղծէ մարդս։ 19Որովհետեւ մարդուս սիրտէն է որ կ՚ելլեն չար մտածումները՝ սպանութիւն, շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սուտ վկայութիւն, հայհոյութիւն։ 20Ասո՛նք են որ կը պղծեն մարդը եւ ո՛չ թէ անլուայ ձեռքով ճաշ ուտելը։
Քանանացի կնոջ հաւատքը
(Մր 7.24-30)
21Ապա Յիսուս հոնկէ ելլելով գնաց Տիւրոսի եւ Սիդոնի շրջանները։ 22Եւ ահա Քանանացի կին մը, որ այդ կողմերէն էր, եկաւ Յիսուսի մօտ եւ բարձրաձայն ըսաւ.
– Տէ՜ ր, Դաւիթի՛ Որդի, ողորմէ՛ ինծի, աղջիկս չար ոգիէն սաստիկ կը տանջուի։
23Բայց Յիսուս չպատասխանեց անոր։ Ասոր վրայ աշակերտները մօտեցան եւ աղաչելով ըսին.
– Ճամբէ՛ զինք, որովհետեւ մեր ետեւէն կ՚աղաղակէ։
24Յիսուս պատասխանեց.
– Ես միայն Իսրայէլի ժողովուրդին կորսուած ոչխարներուն համար ղրկուեցայ։
25Սակայն կինը մօտեցաւ, ծունկի եկաւ ու ըսաւ.
– Տէ՜ ր, օգնէ՛ ինծի։
26Յիսուս պատասխանեց.
– Ճիշդ չէ՛ մանուկներուն ձեռքէն հացը առնել եւ շուներուն նետել։
27Կինը ըսաւ.
– Այո՛, Տէ՜ ր, բայց նոյնիսկ շուները իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին։
28Այն ատեն Յիսուս անոր պատասխանեց.
– Ո՛վ կին, մեծ է հաւատքդ. թող ուզածիդ պէս ըլլայ։
Եւ նոյն վայրկեանին անոր աղջիկը բժշկուեցաւ։
Յիսուս շատեր կը բժշկէ
29Յիսուս այդտեղէն մեկնելով գնաց Գալիլեայի լիճին եզերքը եւ լեռը ելլելով՝ հոն նստաւ։ 30Մեծ բազմութիւն մը մօտեցաւ իրեն. անոնք իրենց հետ ունէին կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ ուրիշ հիւանդներ, որոնք բերին եւ դրին Յիսուսի ոտքերուն առջեւ։ Եւ Յիսուս բժշկեց զանոնք։ 31Բոլորն ալ կը զարմանային, տեսնելով որ համրերը կը խօսին, կաղերը կը քալեն, հաշմանդամները կը բժշկուին եւ կոյրերը կը տեսնեն, եւ կը փառաւորէին Իսրայէլի Աստուածը։
Չորս հազարին կերակրումը
(Մր 8.1-10)
32Յիսուս իր մօտ կանչեց իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց.
– Կը խղճամ այս բազմութեան, որովհետեւ ահա երեք օր է որ մօտս են եւ ա՛լ ոչինչ ունին ուտելիք։ Չեմ ուզեր զիրենք անօթի տուն ղրկել, որպէսզի չըլլայ թէ ճամբու ընթացքին մարին։
33Աշակերտները ըսին.
– Հիմա ամայի այս վայրին մէջ ուրկէ՞ այսչափ բազմութիւն կշտացնելու չափ հաց գտնենք։
34Յիսուս հարցուց անոնց.
– Քանի՞ հաց ունիք։
Անոնք պատասխանեցին.
– Եօթը հաց եւ քիչ մըն ալ մանր ձուկեր։
35Յիսուս հրամայեց ժողովուրդին որ գետին նստին։ 36Ապա առաւ եօթը հացը եւ ձուկերը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ, ու ասոնք ալ բաժնեցին ժողովուրդին։ 37Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աշակերտները կտորները հաւաքելով եօթը զամբիւղ լեցուցին։ 38Իսկ ուտողները շուրջ չորս հազար հոգի էին, կիներն ու մանուկները չհաշուած։
Յետոյ Յիսուս արձակեց ժողովուրդը եւ նաւակ ելլելով եկաւ Մագդալայի սահմանները։

Sorotan

Berbagi

Salin

None

Ingin menyimpan sorotan di semua perangkat Anda? Daftar atau masuk