ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9
9
Յիսուս կ՚առաքէ տասներկու աշակերտները
(Մտ 10.1,5-15, Մր 6.7-13)
1Յիսուս կանչեց տասներկու աշակերտները եւ անոնցզօրութիւն եւ իշխանութիւն տուաւ բոլոր չար ոգիները հանելու եւ հիւանդութիւնները բժշկելու։ 2Ապա զանոնք ղրկեց որ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզեն եւ հիւանդները բժշկեն։ 3Եւ անոնց ըսաւ.
– Ճամբու համար ձեզի հետ ո՛չ մէկ բան առէք. ո՛չ գաւազան, ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց, ո՛չ դրամ, ո՛չ ալ աւելորդ հագուստ ունեցէք։ 4Ո՛ր տունը որ մտնէք, հոն իջեւանեցէք՝ մինչեւ որ մեկնիք հոնկէ։ 5Իսկերբ դուրս ելլէք այն քաղաքէն, որուն բնակիչները ձեզ չեն ընդունած, ձեր ոտքի փոշին թօթուեցէք՝ իբրեւ վկայութիւն անոնց դէմ։
6Աշակերտները մեկնելով՝ սկսան շրջիլ քաղաքներն ու գիւղերը՝ Աւետարանը քարոզելով եւ հիւանդները բժշկելով ամէն տեղ։
Հերովդէսի շփոթութիւնը
(Մտ 14.1-12, Մր 6.14-29)
7Երբ Հերովդէս չորրորդապետ լսեց բոլոր պատահածները, զարմանքի մատնուեցաւ, որովհետեւ ոմանք կ՚ըսէին՝ թէ Յովհաննէս Մկրտիչ մեռելներէն յարութիւն առեր է, 8ուրիշներ կ՚ըսէին՝ թէ Եղիան յայտնուեր է եւ ոմանք ալ՝ թէ նախկին մարգարէներէն մէկը յարութիւն առեր է։ 9Հերովդէս ըսաւ.
– Յովհաննէսը ես գլխատել տուի, իսկ ասիկա ո՞վ է, որուն մասին այս տեսակ բաներ կը լսեմ։
Եւ կ՚ուզէր Յիսուսը տեսնել։
Հինգ հազարին կերակրումը
(Մտ 14.13-21, Մր 6.30-44, Յհ 6.1-14)
10 Առաքեալները վերադարձան եւ ի՛նչ որ ըրած էին՝ պատմեցին Յիսուսի։ Յիսուս զանոնք առաւ եւ քաշուեցաւ Բեթսայիդա քաղաքին մօտիկ ամայի վայր մը։ 11Ժողովուրդը երբ գիտցաւ՝ հետեւեցաւ իրեն։ Յիսուս ընդունեց զանոնք եւ սկսաւ անոնց քարոզել Աստուծոյ արքայութեան մասին։ Իսկ անոնք որոնք բժշկութեան պէտք ունէին՝ բժշկեց։
12Երբ օրը կ՚իրիկնանար, տասներկու աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին.
– Արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերն ու ագարակները, հանգչին եւ ուտելիք գտնեն, որովհետեւ հոս ամայի տեղ ենք։
13Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։
Անոնք ըսին.
– Ամբողջ մեր ունեցածը հինգ հաց եւ երկու ձուկ է. բայց եթէ կ՚ուզես՝ կ՚երթանք ժողովուրդին համար բաւականաչափ կերակուր կը գնենք։
14Որովհետեւ շուրջ հինգ հազար մարդ կար։ Յիսուս աշակերտներուն ըսաւ.
– Նստեցուցէք զանոնք յիսունական հոգինոց խումբերով։
15Անոնք կատարեցին հրահանգը եւ նստեցուցին բոլորն ալ։ 16Ապա Յիսուս առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ՝ որ բաժնեն ժողովուրդին։ 17Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։
Պետրոսի յայտարարութիւնը Յիսուսի մասին
(Մտ 16.13-21, Մր 8.27-31)
18Օր մը Յիսուս առանձին կ՚աղօթէր։ Իրեն հետ էին նաեւ իր աշակերտները։ Անոնց հարցուց.
– Ժողովուրդը իմ մասիս ի՞նչ կ՚ըսէ. ո՞վ եմ ես։
19Անոնք պատասխանեցին.
– Ոմանք կ՚ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ոմանք՝ Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն թէ նախկին մարգարէներէն մէկն ես, որ յարութիւն առած է։
20Յիսուս հարցուց անոնց,
– Իսկ դո՞ւք ինչ կ՚ըսէք իմ մասիս։
Պետրոս պատասխանեց.
– Դուն Աստուծոյ Օծեալն ես, Քրիստոսը։
21Յիսուս խստիւ պատուիրեց անոնց, որ ոեւէ մէկուն չըսեն ասիկա։ 22Ապա աւելցուց.
– Մարդու Որդին պէտք է որ շատ չարչարուի եւ մերժուի աւագ քահանաներէն, երէցներէն եւ
Օրէնքի ուսուցիչներէն. զինք պիտիսպաննեն, եւ սակայն երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ։
Յիսուսի հետեւելու պայմանները
(Մտ 16.24-28, Մր 8.34—9.1)
23Եւ բոլորին ըսաւ.
– Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, ամէն օր իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ։ 24Որովհետեւ ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցէ զայն, եւ ով որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի փրկէ զայն։ 25Ի՞նչ օգուտ, երբ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ կամ ինքզինքին վնասէ։ 26Ով որ զիս եւ կամ խօսքերս ընդունիլը ամօթ նկատէ՝ Մարդու Որդին ալ զայն ընդունիլը ամօթ պիտի նկատէ, երբ գայ իր փառքով, ինչպէս նաեւ իր Հօր եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքով։ 27Արդարեւ կ՚ըսեմ ձեզի, թէ հոս գտնուողներէն ոմանք պիտի չմեռնին՝ մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը։
Յիսուսի այլակերպութիւնը
(Մտ 17.1-8, Մր 9.2-13)
28Այս խօսքերը ըսելէ շուրջ ութը օրեր ետք, Յիսուս իր հետ առնելով Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, լեռ ելաւ աղօթելու։ 29Եւ մինչ կ՚աղօթէր, անոր դէմքը այլակերպեցաւ եւ հագուստը փայլուն սպիտակ գոյն առաւ։ 30-31Ֆ Եւ ահա երկու հոգիներ՝ Մովսէսն ու Եղիան երեւցան իրենց փառքով, կը խօսէին Յիսուսի հետ՝ իր մահուան մասին, որ պիտի պատահէր Երուսաղէմի մէջ։ 32Պետրոսի եւ իրեն ընկերացողներուն աչքերը քունով ծանրացած էին, բայց սթափեցան եւ տեսան Յիսուսի փառքը եւ երկու մարդիկը, որոնք անոր հետ էին։ 33Երբ Մովսէս ու Եղիա կը մեկնէին, Պետրոս ըսաւ Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, լաւ է որ հոս մնանք. երեք վրաններ շինենք՝ մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար։
Սակայն չէր գիտեր թէ ի՞նչ կ՚ըսէր։ 34Տակաւին Պետրոս կը խօսէր, երբ ամպ մը եկաւ եւ շուքի տակ առաւ զանոնք։ Աշակերտները վախցան, երբ ամպը ծածկեց զիրենք։ 35Ամպին մէջէնլսուեցաւ ձայն մը, որ կ՚ըսէր.
– Ա՛յս է իմ ընտրեալ Որդիս, անոր մտիկ ըրէք։
36Մինչ այս ձայնը կը լսուէր, Յիսուս առանձին էր։ Աշակերտները այդ օրերուն լուռ մնացին եւ ոեւէ մէկուն չպատմեցին իրենց տեսածներուն մասին։
Յիսուս չար ոգի ունեցող տղան կը բժշկէ
(Մտ 17.22-23, Մր 9.30-32)
37Յաջորդ օր, երբ Յիսուս իր երեք աշակերտներով լեռնէն կ՚իջնէր, խուռն բազմութիւն մը դէմը ելաւ։ 38Ժողովուրդէն մէկը բարձրաղաղակ ըսաւ. է Վարդապե՛տ, կ՚աղաչե՜մ, նայէ՛ զաւակիս, մէկ հատիկս է։ 39Չար ոգին կը բռնէ զինք եւ յանկարծ պոռալ կու տայ. կը զգետնէ զինք, տապլտկիլ կու տայ՝ բերանը փրփրեցնելով եւ դժուարաւ կը հեռանայ իրմէ՝ խորտակելէ ետք զինք։ 40Աշակերտներէդ խնդրեցի որ հանեն չար ոգին, բայց չկրցան։
41Յիսուս պատասխանեց.
– Ո՜վ անհաւատ եւ մոլորեալ սերունդ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ. մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի հանդուրժեմ։ Հո՛ս բեր զաւակդ։
42Մինչ տղան կը մօտենար, չար ոգին զայն զգետնեց եւ զօրաւոր կերպով ցնցեց։ 43Յիսուս սաստեց չար ոգին եւ տղան բժշկելով յանձնեց հօրը։ Բոլորն ալ հիացած մնացին Աստուծոյ մեծ զօրութեան վրայ։
Յիսուս դարձեալ կը խօսի իր մահուան եւ յարութեան մասին
(Մտ 17.22-23, Մր 9.30-32)
Մինչ ժողովուրդը կը զարմանար Յիսուսի կատարած գործերուն վրայ, իր աշակերտներուն դառնալով ըսաւ.
– 44Լաւ մտիկ ըրէք եւ մի՛ մոռնաք ասիկա. Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը։
45Սակայն աշակերտները չհասկցան խօսքին իմաստը, որովհետեւ Աստուած իրենցմէ ծածկած էր՝ որպէսզի չհասկնան։ Միւս կողմէ ալ՝ կը վախնային իրեն հարցնելու այս մասին։
Ո՞վ է մեծը
(Մտ 18.1-5, Մր 9.33-37)
46 Աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը։ 47Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումը, մանուկ մը առաւ եւ իր քով կանգնեցնելով՝ 48ըսաւ.
– Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ ընդունած կ՚ըլլայ զիս ղրկողը։ Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը։
Ով որ մեզի հակառակ չէ, մեր կողմն է
(Մր 9.38-40)
49Յովհաննէս ըսաւ.
– Վարդապե՛տ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէր եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որովհետեւ մեզի հետ չի շրջիր։
50Յիսուս ըսաւ.
– Արգելք մի՛ ըլլաք իրեն. որովհետեւ ան որ հակառակ չէ ձեզի, կը նշանակէ թէ ձեր կողմն է։
Սամարական գիւղ մը կը մերժէ Յիսուսի մուտքը
51Եւ երբ աշխարհէն վերանալու ժամանակը հասաւ, Յիսուս որոշեց Երուսաղէմ երթալ։ 52Իրմէ առաջ պատգամաւորներ ղրկեց, որոնք գացին եւ մտան Սամարիայի գիւղերէն մէկը՝ պատրաստութիւն տեսնելու համար։ 53Սակայն ժողովուրդը զինք չընդունեց, քանի Յիսուս դէպի Երուսաղէմ կ՚ուղղուէր։ 54Երբ իր աշակերտներէն Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը տեսան ասիկա, ըսին.
– Տէ՛ր, կ՚ուզե՞ս ըսենք որ երկինքէն կրակ տեղայ եւ սպաննէ զանոնք։
55Յիսուս դարձաւ, յանդիմանեց զիրենք, ըսելով.
– Չէ՛ք գիտեր թէ ի՛նչ տեսակ հոգիի կը պատկանիք։ Որովհետեւ Մարդու Որդին չեկաւ մարդիկը կորսնցնելու, այլ՝ զանոնք փրկելու։
56Եւ ուրիշ գիւղ մը գացին։
Ամէն ինչ ձգել Յիսուսի հետեւելու համար
(Մտ 8.19-22)
57Մինչ ճամբու վրայ էին, մէկը ըսաւ Յիսուսի.
– Ուր որ երթաս՝ ետեւէդ պիտի գամ։
58Յիսուս պատասխանեց.
– Աղուէսները որջ ունին, երկինքի թռչունները՝ բոյն, սակայն Մարդու Որդին գլուխը հանգչեցնելիք տեղ չունի։
59Ուրիշի մըն ալ ըսաւ.
– Հետեւէ՛ ինծի։
Ան ըսաւ.
– Տէ՛ր, թոյլ տուր որ նախ երթամ եւ թաղեմ հայրս։
60Յիսուս պատասխանեց.
– Ձգէ՛ որ մեռելները թաղեն իրենց մեռելները, իսկ դուն գնա՛ եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզէ։
61Ուրիշ մը ըսաւ.
– Տէ՛ր, պիտի հետեւիմ քեզի, բայց թոյլ տուր որ նախ երթամ ընտանիքէս հրաժեշտ առնեմ։
62Յիսուս պատասխանեց.
– Ան որ ձեռքը մաճին կը դնէ եւ ետ կը նայի, յարմար չէ Աստուծոյ թագաւորութեան։
Pilihan Saat Ini:
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9: WANTACoC
Sorotan
Berbagi
Salin
Ingin menyimpan sorotan di semua perangkat Anda? Daftar atau masuk
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019