ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13
13
Ապաշխարութեան անհրաժեշտութիւնը
1Ոմանք եկան Յիսուսի եւ պատմեցին այն Գալիլ եացիներուն մասին, որոնք Պիղատոսի կողմէ սպաննուեցան, երբ Աստուծոյ զոհ կը մատուցանէին։ 2Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Կը կարծէ՞ք թէ սպաննուող Գալիլեացիները միւս բոլոր Գալիլեացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որ այդպիսի վախճան մը ունեցան։ 3Ո՛չ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝դուք բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։ 4Կամ ի՞նչ կը մտածէք այն տասնըութը մարդոց մասին, որոնց վրայ ինկաւ աշտարակը Սելովամի մէջ եւ սպաննեց զանոնք։ Անոնք աւելի՞ յանցաւոր էին քան Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները։ 5Ո՛չ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։
Անպտուղ թզենիին առակը
6Անոնց հետեւալ առակը պատմեց.
– Մարդ մը կար, որ իր այգիին մէջ թզենի մը տնկած էր։ Թուզ քաղելու գնաց, բայց թզենիին վրայ պտուղ չգտաւ։ 7Այգեպանին ըսաւ. «Այս երրորդ տարին է որ կու գամ թուզ քաղելու, բայց չեմ գտներ։ Ուստի կտրէ՛ զայն, ինչո՞ւ անիմաստ կերպով տեղ գրաւէ»։ 8Այգեպանը պատասխանեց. «Տէ՛ր, թող այս տարի ալ մնայ. ես իր շուրջի հողը կրկին կր փորեմ եւ պարարտացուցիչ կը դնեմ։ 9Այս ձեւով թերեւս պտուղ տայ. ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ զայն»։
Հաշմանդամ կնոջ բժշկութիւնը
10 Շաբաթ օր մը Յիսուս ժողովարանին մէջ կ՚ուսուցանէր։ 11Հոն կին մը կար, որ տասնըութը տարիէ ի վեր հիւանդ էր՝ չար ոգիէ բռնուած ըլլալով, եւ այս պատճառով՝ մէջքը ծռած կը քալէր եւ բնաւ չէր կրնար շտկուիլ։ 12Երբ Յիսուս տեսաւ կինը, իր մօտ կանչեց զայն եւ ըսաւ.
– Ո՛վ կին, հիւանդութենէդ բժշկուած ես։
13Յիսուս ձեռքերը անոր վրայ դրաւ, եւ կինը անմիջապէս բժշկուեցաւ եւ սկսաւ զԱստուած փառաւորել։
14Ժողովրդապետը բարկացաւ, որովհետեւ Յիսուս Շաբաթ օրով կատարեց բժշկութիւնը, եւ ժողովուրդին դառնալով ըսաւ.
– Շաբթուան մէջ վեց օր կարելի է աշխատիլ, ուստի այդ օրերուն եկէք եւ բժշկուեցէք եւ ո՛չ թէ Շաբաթ օր։
15 Տէրը անոր պատասխանեց.
– Կեղծաւորնե՛ր, ձեզմէ իւրաքանչիւրը Շաբաթ օրով իր եզը կամ էշը ախոռէն չի՞ քակեր եւ տանելով ջուր չի՞ տար անոր։ 16Իսկ այս կինը, որ Աբրահամի աղջիկ է եւ Սատանային կողմէ տասնըութը տարիէ ի վեր գերուած, չէ՞ր արժեր որ Շաբաթ օրով ազատէի։
17Այս խօսքին վրայ անոնք որոնք կը հակառակէին Յիսուսի՝ ամչցան, մինչ ամբողջ ժողովուրդը կ՚ուրախանար Յիսուսի կատարած բոլոր հրաշագործութիւններուն համար։
Մանանեխի հատիկին օրինակը
(Մտ 13.31-32, Մր 4.30-32)
18Յիսուս հարցուց.
– Ի՞նչ բանի կը նմանի Աստուծոյ թագաւորութիւնը, կամ ի՞նչ բանի հետ բաղդատեմ զայն։ 19Անիկա կը նմանի մանանեխի հատիկին, որ մէկը իր պարտէզին մէջ ցանեց։ Հատիկը մեծցաւ եւ ծառ դարձաւ, եւ երկինքի թռչունները գալով՝ անոր ոստերուն մէջ բոյն դրին։
Թթխմորին օրինակը
(Մտ 13.33)
20Դարձեալ հարցուց.
– Ի՞նչ բանի նմանցնեմ Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ 21Կը նմանի այն թթխմորին, որ կին մը առնելով՝ պարկ մը ալիւրի հետ խառնեց, մինչեւ որ ամբողջ խմորը թթուեցաւ։
Նեղ դուռը
(Մտ 7.13-14,21-23, 8.11-12, 19.30, 20.16, 25.10-12, Մր 10.31)
22Յիսուս քաղաքներն ու գիւղերը շրջելով կ՚ուսուցանէր՝ հետզհետէ դէպի Երուսաղէմ ուղղուելով։ 23Մէկը հարցուց իրեն.
– Տէ՛ր, արդեօք քիչե՞ր միայն պիտի փրկուին։
Յիսուս անոնց ըսաւ.
– 24Ջանացէք նեղ դռնէն մտնել։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ շատեր պիտի ուզեն մտնել, բայց պիտի չկրնան։ 25Երբ տանտէրը մտնէ եւ դուռը փակէ, դուրս պիտի մնաք. պիտի սկսիք դուռը բաղխել եւ ըսել. «Տէ՛ր, Տէ՜ր, դուռը բա՛ց մեզի»։ Տանտէրը պիտի պատասխանէ. «Չեմ գիտեր թէ ուրկէ էք»։
26Այն ատեն պիտի ըսէք. «Քեզի հետ կերանք ու խմեցինք եւ մեր հրապարակներուն վրայ մեզի սորվեցուցիր»։ 27Անիկա պիտի պատասխանէ. «Ձեզի կ՚ըսեմ, թէ չե՛մ գիտեր ուրկէ՛ էք։ Հեռացէ՛ք ինձմէ դուք բոլորդ, անիրաւնե՛ր»։ 28Այն ատեն պիտի լաք եւ ձեր ակռաները կրճտէք, երբ տեսնէք որ Աբրահամ, Իսահակ, Յակոբ եւ բոլոր մարգարէները Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ են, մինչ դուք դուրս ձգուած էք։ 29Արեւելքէն ու արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն մարդիկ պիտի գան եւ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ բազմին։ 30Եւ ահա այսպէս, շատեր որ հիմա վերջին են՝ առաջին պիտի ըլլան, իսկ շատեր որ առաջին են՝ վերջին։
Յիսուսի սէրը Երուսաղէմի հանդէպ
(Մտ 23.37-39)
31Նոյն ժամուն՝ Փարիսեցիներէն ոմանք մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին.
– Ել եւ գնա՛ այստեղէն, որովհետեւ Հերովդէս քեզ սպաննել կ՚ուզէ։
32Յիսուս պատասխանեց.
– Գացէք եւ այդ աղուէսին ըսէք. «Ահաւասիկ չար ոգիներ կը հանեմ, բժշկութիւններ կը կատարեմ այսօր ու վաղը եւ երրորդ օրն ալ գործս պիտի վերջացնեմ»։ 33Այսուհանդերձ, պէտք է որ այսօր, վաղը եւ միւս օր գործս շարունակեմ, որովհետեւ կարելի չէ որ մարգարէ մը Երուսաղէմէն դուրս սպաննուի։
34Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՛մ, դուն որ մարգարէները կը սպաննէիր եւ կը քարկոծէիր Աստուծմէ քեզի ղրկուած պատգամաբերները. քանի՜ անգամ ուզեցի որդիներդ հաւաքել, ինչպէս հաւը իր ձագերը կը հաւաքէ թեւերուն տակ. բայց դո՛ւք, Երուսաղէմի՛ բնակիչներ, չուզեցիք։ 35Ահա «պիտի լքուի ձեր Տունը»։ Ու կ՚ըսեմ ձեզի, թէ այլեւս զիս պիտի չտեսնէք՝ մինչեւ որ ըսէք. «Օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով»։
Pilihan Saat Ini:
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13: WANTACoC
Sorotan
Berbagi
Salin
Ingin menyimpan sorotan di semua perangkat Anda? Daftar atau masuk
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019