Արեւուն, լուսինին եւ աստղերուն հետ կապ ունեցող նշաններ պիտի պատահին։
Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները տագնապի եւ շփոթութեան պիտի մատնուին ահեղ ձայներէն, որոնք կարծես ծովու ալեկոծումի գոչումը ըլլան։ Աշխարհի վրայ պատահելիքներու ակնկալութենէն մարդիկ սարսափէն պիտի նուաղին, որովհետեւ երկնային մարմինները պիտի սասանին։ Եւ այն ատեն պիտի տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով