Եթէ ձեր մէջէն մէկը ուզէ աշտարակ մը շինել, նախ չի նստիր եւ ծախսերը չի՞ հաշուեր, տեսնելու համար թէ գործը վերջացնելու չափ դրամ ունի՞: Այլապէս, երբ հիմը նետելէ ետք՝ չկարենայ աշտարակը աւարտել, բոլոր տեսնողները պիտի սկսին ծիծաղիլ իր վրայ, ըսելով. «Այս մարդը շինել սկսաւ, բայց չկրցաւ աւարտել»։