1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 10:19
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ահա ձեզի իշխանութիւն տուի կոխկռտելու օձերն ու կարիճները, ինչպէս նաեւ յաղթահարելու թշնամիին զօրութիւնը, եւ ոեւէ բան պիտի չվնասէ ձեզի։
Bandingkan
Telusuri ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 10:19
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 10:41-42
Յիսուս պատասխանեց. – Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար կը մտահոգուիս ու կը նեղուիս։ Սակայն մէկ բան պէտք է։ Մարիամ լաւ բաժինը ընտրեց, բան մը՝ որ բնաւ ետ պիտի չառնուի իրմէ։
Telusuri ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 10:41-42
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 10:27
Ան պատասխանեց. – «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ զօրութեամբդ եւ ամբողջ մտքովդ» եւ «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։
Telusuri ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 10:27
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 10:2
Անոնց ըսաւ. – Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ. հետեւաբար խնդրեցէք հունձքի Տիրոջմէն, որ իր հունձքին համար մշակներ պատրաստէ եւ ղրկէ։
Telusuri ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 10:2
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 10:36-37
Յետոյ Յիսուս հարցուց. – Արդ, քու կարծիքովդ՝ այս երեքէն ո՞ր մէկը եղաւ աւազակներուն ձեռքը ինկողին ընկերը։ Օրէնքի ուսուցիչը ըսաւ. – Ան՝ որ հոգ տարաւ անոր։ Յիսուս ըսաւ. – Գնա՛, դո՛ւն ալ նոյնը ըրէ։
Telusuri ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 10:36-37
6
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 10:3
Գացէ՛ք, ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ գառնուկներ՝ գայլերու մէջ։
Telusuri ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 10:3
Beranda
Alkitab
Rencana
Video