1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:30
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Երբ Յիսուս լեղիով խառն քացախը խմեց, ըսաւ. – Ամէն ինչ վերջացած է։ Ապա գլուխը խոնարհեցուց եւ հոգին աւանդեց։
Bandingkan
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:30
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:28
Անկէ ետք Յիսուս գիտցաւ թէ ամէն ինչ վերջացած է, եւ որպէսզի Սուրբ գիրքը ամբողջապէս կատարուած ըլլայ, ըսաւ. – Ծարաւ եմ։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:28
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:26-27
Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ իր սիրած աշակերտը, որ մօրը քով կեցած էր, ըսաւ մօրը. – Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ։ Յետոյ ըսաւ իր աշակերտին. – Ահաւասիկ մայրդ։ Եւ այդ օրուընէ աշակերտը զայն իր մօտ առաւ։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:26-27
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:33-34
Բայց երբ Յիսուսի եկան, տեսան որ անիկա արդէն իսկ մեռած էր, ուստի չկոտրեցին անոր սրունքները։ Սակայն զինուորներէն մէկը նիզակը անոր կողը խրեց, եւ անմիջապէս արիւն ու ջուր հոսեցաւ։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:33-34
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:36-37
Ասիկա պատահեցաւ՝ որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքերուն մէջ ըսուածը. «Անոր ոեւէ մէկ ոսկորը պիտի չփշրուի», ինչպէս նաեւ միւս գրուածը, որ կ՚ըսէ. «Պիտի նային անոր՝ որ խոցեցին»։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:36-37
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:17
Յիսուս խաչը շալկած ելաւ այն տեղը, որ Գանկի վայր կը կոչուէր, Եբրայերէն՝ Գողգոթա։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:17
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:2
Զինուորները փուշէ պսակ մը շինեցին եւ դրին անոր գլխուն եւ ապա ծիրանի զգեստ հագցուցին անոր։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:2
Beranda
Alkitab
Rencana
Video