ՄԱՏԹԷՈՍ 6:24-34 - Համեմատել բոլոր տարբերակները
ՄԱՏԹԷՈՍ 6:24-34 WARMB (Western Armenian Bible 1853)
Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի՝ ՝ եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային։ Ուստի կ’ըսեմ ձեզի. «Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. չէ՞ որ կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը հագուստէն։ Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք։ Հիմա ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։ Ու հագուստի համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք. նայեցէք դաշտի շուշաններուն, ի՞նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո՛ւն պէս չհագուեցաւ։ Ուստի եթէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը փուռը կը ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, հապա որչա՜փ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։ Ուրեմն հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք’։ (Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն). վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։ Ուստի վաղուան համար հոգ մի ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 6:24-34 WANTACOC (Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament)
Ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի սիրէ եւ միւսը ատէ, կա՛մ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ։ Նոյնպէս ալ դուք, չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել, որքան ատեն որ կը ծառայէք դրամին։ Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմնին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան կերակուրը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը։ Դիտեցէ՛ք երկինքի թռչունները. ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն եւ ո՛չ ալ շտեմարաններու մէջ կ՚ամբարեն, եւ սակայն ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք Աստուծոյ աչքին թռչուններէն գերազանց էք։ Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ՞ ձեր հասակը։ Կամ, ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի համար։ Օրինակ առէք վայրի շուշաններէն եւ տեսէք թէ ի՛նչպէս կ՚աճին. ո՛չ կ՚աշխատին, ո՛չ կը հիւսեն։ Հաւատացէ՛ք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ։ Եթէ, ուրեմն, Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը կրակ կը նետուի, շատ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ ձեզ, թերահաւատնե՛ր։ Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. «Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք»։ Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են։ Որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն թէ այդ բոլորին պէտք ունիք։ Դուք նախ խնդրեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի։ Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է։
ՄԱՏԹԷՈՍ 6:24-34 WA2017 (Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017)
«Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային։ Ուստի կ’ըսեմ ձեզի. Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. չէ՞ որ կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը հագուստէն։ Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք։ Հիմա ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։ Ու հագուստի համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք. նայեցէք դաշտի շուշաններուն, ի՞նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո՛ւն պէս չհագուեցաւ։ Ուստի եթէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը փուռը կը ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, հապա որչա՜փ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։ Ուրեմն հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք’։ (Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն). վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։ Ուստի վաղուան համար հոգ մի ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը»։