Skip to content
Աստվածաշունչ հավելվածի լոգոն

ՄԱՏԹԷՈՍ 5:13-20 - Համեմատել բոլոր տարբերակները

ՄԱՏԹԷՈՍ 5:13-20 WARMB (Western Armenian Bible 1853)

«Դուք էք երկրի աղը։ Եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինք ինչո՞վ պիտի աղուի։ Անկէ յետոյ բանի մը չի գար, միայն թէ դուրս ձգուելու եւ մարդոց ոտքով կոխկռտուելու։ Դուք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ։ Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տանը մէջ եղողներուն։ Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ «Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ օրէնքը կամ մարգարէները աւրելու։ Աւրելու չեկայ, հապա՝ կատարելու։ Քանզի ճշմարտապէս կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մինչեւ երկինք ու երկիր անցնին, օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի, մինչեւ բոլորն ալ կատարուին’։ Ուստի ով որ այս ամենափոքր պատուիրանքներէն մէկը աւրէ ու մարդոց այնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ. բայց ով որ ընէ եւ սորվեցնէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ։ Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ ձեր արդարութիւնը դպիրներուն ու փարիսեցիներուն արդարութենէն աւելի չըլլայ, բնաւ պիտի չմտնէք երկնքի թագաւորութիւնը»։

ՄԱՏԹԷՈՍ 5:13-20 WANTACOC (Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament)

Դուք էք երկրի աղը։ Բայց եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի աղեն զայն։ Այլեւս ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ, հապա զայն կը թափեն, եւ մարդոց ոտքի կոխան կը դառնայ։ Դուք էք աշխարհի լոյսը։ Լերան վրայ շինուած քաղաք մը չի կրնար պահուըտիլ։ ԽՔ 6 Շ Ոչ ոք ճրագը կը վառէ եւ կը պահէ կաթսայի տակ. ընդհակառակը, զայն աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի տունին մէջ գտնուողներուն լոյս տայ։ Նոյնպէս ալ, ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փա ռաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է – Մի՛ կարծէք թէ եկայ Մովսէսի Օրէնքը կամ մարգարէներու ուսուցումները ջնջելու. չեկայ ջնջելու, այլ ամբողջացնելու։ Հաստատ գիտցէք, որ բոլոր Օրէնքն ու մարգարէութիւնները կէտ առ կէտ պիտի իրականանան՝ առանց բառ մը իսկ դուրս ձգելու, մինչեւ գայ այն օրը, երբ այս երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին։ Ով որ ամենափոքր պատուիրանն իսկ զանց ընէ եւ ուրիշներուն ալ այդպէս սորվեցնէ, երկինքի արքայութեան մէջ յետինը պիտի նկատուի։ Իսկ ով որ գործադրէ պատուիրանները եւ ուսուցանէ, մեծ պիտի ըլլայ երկինքի արքայութեան մէջ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, եթէ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ ձեր հաւատարմութիւնը Փարիսեցիներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ունեցած հաւատարմութենէն աւելի չըլլայ՝ պիտի չմտնէք երկինքի արքայութիւնը։

ՄԱՏԹԷՈՍ 5:13-20 WA2017 (Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017)

«Դուք էք երկրի աղը։ Եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինք ինչո՞վ պիտի աղուի։ Անկէ յետոյ բանի մը չի գար, միայն թէ դուրս ձգուելու եւ մարդոց ոտքով կոխկռտուելու։ Դուք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ։ Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տանը մէջ եղողներուն։ Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ «Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ օրէնքը կամ մարգարէները աւրելու։ Աւրելու չեկայ, հապա՝ կատարելու։ Քանզի ճշմարտապէս կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մինչեւ երկինք ու երկիր անցնին, օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի, մինչեւ բոլորն ալ կատարուին’։ Ուստի ով որ այս ամենափոքր պատուիրանքներէն մէկը աւրէ ու մարդոց այնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ. բայց ով որ ընէ եւ սորվեցնէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ։ Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ ձեր արդարութիւնը դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն արդարութենէն աւելի չըլլայ, բնաւ պիտի չմտնէք երկնքի թագաւորութիւնը’»։