ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 5:12-13

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 5:12-13 WARMB

Վասն զի թէպէտ պէտք էր որ մինչեւ հիմա ուսուցիչ ըլլայիք ու ժամանակին նայելով սորվեցնէիք, բայց դուք ալ պէտք է սորվիք թէ՝ որո՞նք են Աստուծոյ պատգամներուն առաջին սկզբունքները։ Դուք կաթի կը կարօտիք, ո՛չ թէ հաստատուն կերակուրի։ Քանզի այն որ կաթնկեր է՝ արդարութեան խօսքին անհմուտ է, որովհետեւ տղայ է։