1
ՏԻՏՈՍ 3:4-7
Western Armenian Bible 1853
Բայց երբ մեր Փրկիչ Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը յայտնուեցաւ, Ո՛չ թէ արդարութեան գործերէն՝ որոնք մենք ըրինք, հապա իր ողորմութեան համաձայն մեզ փրկեց նորէն ծնանելու աւազանին միջոցաւ ու Սուրբ Հոգիին նորոգելովը։ Որը Աստուած առատ թափեց մեր վրայ Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Փրկչին ձեռքով, Որպէս զի անոր շնորհքովը արդարացած՝ յաւիտենական կեանքին յոյսով ժառանգորդ ըլլանք։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՏԻՏՈՍ 3:4-7
2
ՏԻՏՈՍ 3:1-2
Յորդորէ՛, որ իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդին ու հպատակին ու ամէն բարի գործերու պատրաստ գտնուին. Մէկո՛ւն հայհոյութիւն չընեն, կռուարար չըլլան, հապա հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն։
Ուսումնասիրեք ՏԻՏՈՍ 3:1-2
3
ՏԻՏՈՍ 3:9
Բայց դուն յիմարական վէճերէն ու ազգահամարներէն ու հակառակութիւններէն եւ օրէնքի վրայով եղած կռիւներէն մէկդի՛ կեցիր, վասն զի անօգուտ են ու սնոտի։
Ուսումնասիրեք ՏԻՏՈՍ 3:9
4
ՏԻՏՈՍ 3:10
Հերձուածող մարդէ՝ առաջին ու երկրորդ անգամ խրատելէ յետոյ՝ ետ քաշուէ
Ուսումնասիրեք ՏԻՏՈՍ 3:10
Գլխավոր
Աստվածաշունչ
Ծրագրեր
Տեսանյութեր