1
ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3:16
Western Armenian Bible 1853
Յայտնապէս մեծ է աստուածպաշտութեան խորհուրդը. Աստուած մարմնով յայտնուեցաւ, Հոգիով արդարացաւ, հրեշտակներուն երեւցաւ, հեթանոսներուն մէջ քարոզուեցաւ, աշխարհէն ընդունուեցաւ ու փառքով համբարձաւ։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3:16
2
ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3:2
Ուստի եպիսկոպոսը պէտք է անարատ ըլլայ, մէկ կնոջ այր, զգաստ, խոհեմ, պարկեշտ, հիւրասէր, սորվեցնելու յարմար
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3:2
3
ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3:4
Որ իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընէ, իր զաւակները հնազանդութեան եւ պարկեշտութեան մէջ պահելու.
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3:4
4
ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3:12-13
Սարկաւագները թող մէկ կնոջ այր ըլլան եւ իրենց զաւակներուն ու իրենց տանը աղէկ վերակացութիւն թող ընեն Քանզի անոնք որ սարկաւագութեան պաշտօնը աղէկ կը կատարեն, բարի աստիճան մը կը շահին ու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքին մէջ՝ շատ համարձակութիւն։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3:12-13
Գլխավոր
Աստվածաշունչ
Ծրագրեր
Տեսանյութեր