1
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:7
Western Armenian Bible 1853
Բայց ամէն մէկուն Հոգիին յայտնութիւնը տրուած է բոլորին շահուն համար։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:7
2
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:27
Արդ՝ դուք Քրիստոսին մարմինն էք եւ իւրաքանչիւրը մաս կը կազմէ անոր մարմնին։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:27
3
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:26
Եւ եթէ մէկ անդամը նեղութիւն կրէ, բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ եւ եթէ մէկ անդամը փառաւորուի, բոլոր անդամները կ’ուրախանան անոր հետ։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:26
4
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:8-10
Մէկուն՝ Հոգիով իմաստութեան խօսք տրուած է, ուրիշին՝ գիտութեան խօսք, նոյն Հոգիին տուած չափովը. Միւսին՝ հաւատք՝ նոյն Հոգիով. ուրիշին՝ բժշկութեան պարգեւներ՝ նոյն Հոգիով. Ուրիշին՝ հրաշագործութիւններ, ուրիշին՝ մարգարէութիւն, ուրիշին՝ հոգիներու ընտրութիւն, ուրիշին՝ զանազան լեզուներ, ուրիշին՝ լեզուներու թարգմանութիւն։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:8-10
5
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:11
Այս ամէնը միեւնոյն Հոգին կը նորգործէ եւ ամէն մէկուն զատ զատ կը բաժնէ՝ ինչպէս ուզէ։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:11
6
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:25
Որպէս զի մարմնին մէջ երկպառակութիւն չըլլայ, հապա անդամները միեւնոյն խնամքը ունենան իրարու վրայ։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:25
7
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:4-6
Պարգեւները զանազան են, բայց տուողը նոյն Հոգին է։ Նաեւ պաշտօնները զանազան են, բայց նոյն Տէրը կու տայ։ Նոյնպէս ներգործութիւնները զանազան են, բայց նոյն Աստուածն է՝ որ կը ներգործէ ամէնքը ամէն բանի մէջ։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:4-6
8
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:28
Եւ Աստուած եկեղեցիին մէջ դրաւ մէկ քանիները, նախ՝ առաքեալներ, երկրորդ՝ մարգարէներ, երրորդ՝ վարդապետներ, ետքը՝ հրաշքներ գործողներ, ետքը՝ բժշկելու պարգեւ ունեցողներ, օգնողներ, կառավարողներ, լեզուներ խօսողներ։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:28
9
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:14
Վասն զի մարմինը մէկ անգամ չէ, հապա շատ։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:14
10
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:22
Մասնաւորաբար մարմնին այն անդամները որոնք շատ տկար կ’երեւնան, աւելի հարկաւոր են.
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:22
11
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:17-19
Եթէ բոլոր մարմինը աչք ըլլար, լսելիքը ո՞ւր պիտի ըլլար եւ եթէ բոլորը լսելիք ըլլար, ո՞ւր պիտի ըլլար հոտոտելիքը։ Բայց Աստուած անդամներ դրաւ՝ մէկ մարմնի մէջ, ինչպէս ինքը ուզեց։ Բայց եթէ ամէնքը միայն մէկ անգամ ըլլային, մարմինը ո՞ւր պիտի ըլլար։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:17-19
Գլխավոր
Աստվածաշունչ
Ծրագրեր
Տեսանյութեր