ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 8
8
Յիսուս բորոտ մը կը բժշկէ
(Մր 1.40-45, Ղկ 5.12-14)
1Երբ Յիսուս լեռնէն վար իջաւ, մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ իրեն։ 2Եւ ահա բորոտ մը իրեն մօտենալով՝ ծունկի եկաւ եւ ըսաւ.
– Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել։
3Յիսուս ձեռքը երկարեց, դպաւ անոր եւ ըսաւ.
– Կ՚ուզեմ, մաքրուէ՛։
Եւ անմիջապէս անոր բորոտութիւնը մաքրուեցաւ։ 4Յիսուս ըսաւ անոր.
– Նայէ՛, ոեւէ մէկուն բան չըսես. այլ գնա եւ դուն քեզ քահանային ցոյց տուր։ Ապա, իբրեւ ժողովուրդին վկայութիւն՝ թէ բորոտութենէդ մաքրուած ես՝ զոհդ մատուցանէ, ինչպէս որ Մովսէս հրամայած է։
Հարիւրապետին ծառային բժշկութիւնը
(Ղկ 7.1-10, Յհ 4.46-54)
5Երբ Յիսուս Կափառնաում մտաւ, իրեն մօտեցաւ Հռոմայեցի հարիւրապետ մը, 6որ կ՚աղաչէր ըսելով.
– Տէ՛ր, ծառաս տունը անդամալոյծ վիճակի մէջ է եւ սաստիկ կը տառապի։
7Յիսուս ըսաւ.
– Ես կու գամ ու կը բժշկեմ զայն։
8Հարիւրապետը պատասխանեց.
– Տէ՛ր, ես արժանի չեմ քեզ իմ յարկիս տակ ընդունելու. միայն բան մը ըսէ, եւ ծառաս պիտի առողջանայ։ 9Որովհետեւ ես ալ, որպէս իշխանութեան ենթակայ մարդ, ձեռքիս տակ զինուորներ ունիմ. մէկուն կ՚ըսեմ՝ «Գնա՛», եւ կ՚երթայ, ուրիշի մը կ՚ըսեմ՝ «Եկո՛ւր», եւ կու գայ. ծառայիս կ՚ըսեմ՝ «Այս բանը ըրէ», եւ կը կատարէ։
10Յիսուս երբ լսեց, հիացաւ եւ իր հետեւորդներուն ըսաւ.
– Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ նոյնիսկ Իսրայէլի մէջ այսպիսի հաւատք ունեցող մը չգտայ։ 11Գիտցէք նաեւ, թէ շատեր արեւելքէն ու արեւմուտքէն պիտի գան եւ երկինքի արքայութեան մէջ սեղան պիտի բազմին Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի հետ, 12իսկ անոնք որոնք երկինքի արքայութեան ժառանգորդները պէտք էր ըլլային՝ դուրսը խաւարին մէջ պիտի նետուին, ուր պիտի լան եւ ակռաները կրճտեն։
13Յետոյ Յիսուս հարիւրապետին ըսաւ.
– Գնա՛, ինչպէս որ հաւատացիր՝ այդպէս թող ըլլայ քեզի։
Եւ նոյն վայրկեանին հարիւրապետին ծառան բժշկուեցաւ։
Յիսուս կը բժշկէ
(Մր 1.29-34, Ղկ 4.38-41)
14Ապա Յիսուս եկաւ Պետրոսի տունը, եւ տեսաւ որ անոր զոքանչը հիւանդ պառկած էր՝ տաքութեան պատճառով։ 15Յիսուս բռնեց անոր ձեռքէն, եւ տաքութիւնը անցաւ։ Անիկա ոտքի ելլելով սկսաւ սպասարկել իրեն։
16Երբ երեկոյ եղաւ, Յիսուսի բերին բազմաթիւ դիւահարներ։ Յիսուս իր խօսքով չար ոգիները դուրս հանեց եւ բոլոր հիւանդները բժշկեց, 17որպէսզի իրականանայ Եսայի մարգարէի բերնով ըսուածը. «Անիկա մեր հիւանդութիւնները վերցուց եւ մեր ցաւերը փարատեց»։
Ամէն ինչ ձգել՝ Յիսուսի հետեւելու համար
(Ղկ 9.57-62)
18Երբ Յիսուս մեծ բազմութիւն մը տեսաւ իր շուրջ, հրամայեց իր աշակերտներուն, որ լիճին միւս կողմը երթան։ 19Օրէնքի ուսուցիչ մը մօտենալով՝ ըսաւ իրեն.
– Վարդապե՛տ, ուր որ երթաս՝ ետեւէդ պիտի գամ։
20Յիսուս պատասխանեց.
– Աղուէսները որջ ունին, երկինքի թռչունները՝ բոյն, սակայն Մարդու Որդին գլուխը հանգչեցնելիք տեղ մը չունի։
21Ուրիշ մը, որ իր աշակերտներէն մէկն էր, ըսաւ իրեն.
– Տէ՛ր, թոյլ տուր որ նախ երթամ եւ թաղեմ հայրս։
22Յիսուս պատասխանեց.
– Դուն հետեւէ՛ ինծի, եւ ձգէ որ մեռելները թաղեն իրենց մեռելները։
Յիսուս կը խաղաղեցնէ փոթորիկը
(Մր 4.35-41, Ղկ 8.22-25)
23Ապա Յիսուս նաւակ մտաւ, եւ իր աշակերտները հետեւեցան իրեն։ 24Յանկարծ զօրաւոր փոթորիկ մը ելաւ լիճին վրայ, այնքան՝ որ ալիքները գրեթէ նաւակը կը ծածկէին։ Բայց Յիսուս կը քնանար։ 25Աշակերտները մօտեցան, արթնցուցին զինք ու ըսին.
– Տէ՜ ր, ազատէ՛ մեզ, ահա կը կորսուինք։
26Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ինչո՞ւ այդքան կը վախնաք, թերահաւատնե՛ր։
Յետոյ ոտքի ելաւ, սաստեց հովերը եւ լիճը, եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց։ 27Ամէնքն ալ հիացած կ՚ըսէին.
– Ի՜ նչ տեսակ մարդ է ասիկա, որովհետեւ նոյնիսկ հովերն ու ծովը իրեն կը հնազանդին։
Երկու դիւահարներուն բժշկութիւնը
(Մր 5.1-20, Ղկ 8.26-39)
28Յիսուս երբ լիճին միւս կողմը՝ Գերգեսացիներու երկիրը եկաւ, դէմը ելան երկու դիւահարներ, որոնք ժայռափոր գերեզմաններէն եկած էին։ Ասոնք այնքան կատաղի էին, որ ոեւէ մէկը այդ ճամբայէն չէր համարձակեր անցնիլ։ 29Անոնք աղաղակեցին՝ ըսելով.
– Ի՞նչ կ՚ուզես մեզմէ, Յիսո՛ւս, Աստուծո՛յ Որդի, եկար որ ժամանակէն առաջ տանջե՞ս մեզ։
30Քիչ մը հեռուն խոզերու մեծ երամակ մը կ՚արածէր։ 31Չար ոգիները Յիսուսի կ՚աղաղակէին ըսելով.
– Եթէ մեզ դուրս պիտի հանես, թոյլ տուր որ խոզերու երամակին երթանք։
32Յիսուս ըսաւ.
– Գացէ՛ք։
Եւ չար ոգիները դիւահարներէն ելլելով՝ գացին խոզերուն. եւ ահա խոզերու ամբողջ երամակը զառիթափէն վար դէպի լիճ խուժեց եւ հոն խեղդուեցաւ։
33Խոզարածները փախան եւ քաղաք երթալով պատմեցին եղածը, նաեւ ինչ որ պատահած էր դիւահարներուն։ 34Քաղաքի ամբողջ բնակիչները ընդառաջ ելան Յիսուսի եւ երբ զայն տեսան, աղաչեցին որ հեռանայ իրենց սահմաններէն։
اکنون انتخاب شده:
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 8: WANTACoC
هایلایت
به اشتراک گذاشتن
کپی
می خواهید نکات برجسته خود را در همه دستگاه های خود ذخیره کنید؟ برای ورودثبت نام کنید یا اگر ثبت نام کرده اید وارد شوید
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019