ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 1
1
Յիսուսի ազգատոհմը
(Ղկ 3.23-38)
1Այս է ազգաբանութիւնը Յիսուս Քրիստոսի, որ Դաւիթի Որդին է եւ Աբրահամի Որդին։
2Աբրահամ ծնաւ Իսահակը, Իսահակ՝ Յակոբը, Յակոբ՝ Յուդան եւ անոր եղբայրները, 3Յուդա իր Թամար կնոջմէն՝ Ֆարէսն ու Զարան, Ֆարէս ծնաւ Եզրոնը, Եզրոն՝ Արամը, 4Արամ՝ Ամինադաբը, Ամինադաբ՝ Նաասոնը, Նաասոն՝ Սալմոնը, 5Սալմոն իր Ռախաբ կնոջմէն ծնաւ Բոոսը, Բոոս իր Հռութ կնոջմէն՝ Օբէդը, Օբէդ՝ Յեսսէն, 6Յեսսէ՝ Դաւիթ թագաւորը։ Դաւիթ թագաւոր ծնաւ Սողոմոնը Ուրիայի կնոջմէն, 7Սողոմոն ծնաւ Րոբոամը, Րոբոամ՝ Աբիան, Աբիա՝ Ասաֆը, 8Ասաֆ՝ Եոսաֆատը, Եոսաֆատ՝ Եորամը, Եորամ՝ Ոզիան, 9Ոզիա՝ Եոաթամը, Եոաթամ՝ Աքազը, Աքազ՝ Եզեկիան, 10Եզեկիա՝ Մանասէն, Մանասէ՝ Ամոսը, Ամոս՝ Եոսիան, 11Եոսիա՝ Եքոնիան եւ անոր եղբայրները, Բաբելոնեան գերութեան շրջանին։
12Բաբելոնեան գերութենէն ետք Եքոնիա ծնաւ Սալաթիէլը, Սալաթիէլ՝ Զօրաբաբէլը, 13Զօրաբաբէլ՝ Աբիուդը, Աբիուդ՝ Եղիակիմը, Եղիակիմ՝ Ազորը, 14Ազոր՝ Սադոկը, Սադոկ՝ Աքինը, Աքին՝ Ելիուդը, 15Ելիուդ՝ Եղիազարը, Եղիազար՝ Մատթանը, Մատթան՝ Յակոբը, 16Յակոբ ծնաւ Յովսէփը, որ Մարիամի նշանածն էր, եւ Մարիամէն ծնաւ Յիսուս, որ կոչուեցաւ Քրիստոս։
17Արդ, Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ կայ տասնըչորս սերունդ, Դաւիթէն մինչեւ Բաբելոնեան գերութիւն՝ տասնչորս սերունդ եւ բաբելոնեան գերութենէն մինչեւ Քրիստոս՝ տասնըչորս սերունդ։
Յիսուսի ծնունդը
(Ղկ 2.1-7)
18Այսպէս պատահեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը։ Իր մայրը՝ Մարիամ, նշանուած էր Յովսէփի հետ, սակայն նախ քան ամուսնութիւնը Մարիամ յղի մնաց Սուրբ Հոգիէն։
19Յովսէփ՝ անոր նշանածը, արդար մարդ մը ըլլալուն՝ չուզեց հանրութեան առջեւ խայտառակել զայն, այլ խորհեցաւ լռելեայն ետ ընել իրենց նշանախօսութիւնը։ 20Մինչ այս մասին կը մտածէր, ահա Տիրոջ Հրեշտակը երազի մը մէջ երեւցաւ իրեն եւ ըսաւ.
– Յովսէ՛փ, Դաւիթի՛ որդի, մի՛ վախնար ամուսնանալու նշանածիդ՝ Մարիամի հետ, որովհետեւ իր մէջ յղացուածը Սուրբ Հոգիէն է։ 21Որդի մը պիտի ծնի եւ զայն պիտի կոչես Յիսուս, որովհետեւ անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ։
22Այս բոլորը պատահեցան, որպէսզի կատարուի այն ինչ որ Տէրը ըսաւ Եսայի մարգարէին միջոցաւ.–
23 «Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի, եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ», որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ։
24Երբ Յովսէփ արթնցաւ, կատարեց ինչ որ Տիրոջ հրեշտակը հրամայեց իրեն եւ ամուսնացաւ իր նշանածին՝ Մարիամի հետ. 25բայց չյարաբերեցաւ անոր հետ, մինչեւ որ իր անդրանիկ զաւակը ծնաւ, եւ զայն Յիսուս կոչեց։
Actualmente seleccionado:
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 1: WANTACoC
Destacar
Compartir
Copiar
¿Quieres guardar tus resaltados en todos tus dispositivos? Regístrate o Inicia sesión
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019