Logo de YouVersion
Ícono Búsqueda

ԾՆՆԴՈՑ 6:1-4

ԾՆՆԴՈՑ 6:1-4 WARMB

Երբ մարդիկ երկրի վրայ շատնալ սկսան ու իրենց աղջիկներ ծնան, Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Իմ հոգիս միշտ մարդու վրայ պիտի չմնայ. վասն զի անիկա մարմին է. բայց անոր օրերը հարիւր քսան տարի ըլլան»։ Այն օրերը երկրի մէջ հսկաներ կային։ Անկէ ետքն ալ երբ Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն կը մտնէին, որոնք անոնց զաւակներ կը ծնանէին, ասոնք հինէն ի վեր զօրաւոր ու անուանի մարդիկ էին։