1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:1
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Յիսուս առակ մը պատմեց իր աշակերտներուն, ցոյց տալու համար թէ պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու։
Comparar
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:1
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:7-8
Իսկ Աստուած որքա՞ն պիտի համբերէ իր ընտրեալներուն կրած անիրաւութեան. պիտի չպաշտպանէ՞ զանոնք, որոնք գիշեր ու ցերեկ իրեն կը դիմեն։ Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի՝ որ անոնց իրաւունքը անմիջապէս պիտի պաշտպանէ։ Բայց Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ։
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:7-8
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:27
Յիսուս պատասխանեց. – Ինչ որ անկարելի է մարդոց համար՝ կարելի է Աստուծոյ համար։
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:27
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:4-5
Դատաւորը երկար ժամանակ մերժեց դատը տեսնել, սակայն ի վերջոյ ըսաւ ինքնիրեն. «Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չանհանգստացնէ»։
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:4-5
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:17
Լաւ գիտցէք, ով որ Աստուծոյ արքայութիւնը չ՚ընդունիր մանուկի մը պէս, հոն պիտի չմտնէ։
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:17
6
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:16
Սակայն Յիսուս իր մօտ կանչեց մանուկները եւ ըսաւ. – Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը։
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:16
7
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:42
Յիսուս ըսաւ անոր. – Ուրեմն տե՛ս. հաւատքդ քեզ բժշկեց։
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:42
8
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:19
Յիսուս ըսաւ անոր. – Ի՞նչու զիս բարի կը կոչես. միայն Աստուած բարի է։
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:19
Inicio
Biblia
Planes
Videos