1
ԾՆՆԴՈՑ 25:23
Western Armenian Bible 1853
Ու Տէրը ըսաւ անոր. «Երկու ազգ կան արգանդիդ մէջ եւ քու որովայնէդ երկու ժողովուրդ պիտի զատուի ու ժողովուրդին մէկը միւսէն զօրաւոր պիտի ըլլայ եւ մեծը պիտի ծառայէ պզտիկին»։
Comparar
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 25:23
2
ԾՆՆԴՈՑ 25:30
Եսաւ Յակոբին ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, այդ շիկաթանէն տուր որ ուտեմ, քանզի կը մարիմ»։ Անոր համար անոր անունը Եդովմ կոչուեցաւ։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 25:30
3
ԾՆՆԴՈՑ 25:21
Իսահակ աղաչեց Տէրոջը իր կնոջ համար՝ ամուլ ըլլալուն պատճառով եւ Տէրը անոր աղաչանքը ընդունեց ու անոր կինը Ռեբեկան յղացաւ։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 25:21
4
ԾՆՆԴՈՑ 25:32-33
Եսաւ ըսաւ. «Ահա մեռնելու կը մօտենամ եւ անդրանկութենէն ինծի ի՞նչ օգուտ կայ»։ Եւ Յակոբ ըսաւ. «Այսօր ինծի երդում ըրէ»։ Անիկա երդում ըրաւ անոր ու իր անդրանկութեան իրաւունքը ծախեց Յակոբին։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 25:32-33
5
ԾՆՆԴՈՑ 25:26
Եւ անկէ ետքը անոր եղբայրը ելաւ ու անոր ձեռքը Եսաւի գարշապարէն բռներ էր եւ անոր անունը Յակոբ դրին ու անոնց ծնած ատենը Իսահակ վաթսուն տարեկան էր։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 25:26
6
ԾՆՆԴՈՑ 25:28
Եւ Իսահակ կը սիրէր Եսաւը, վասն զի անոր որսէն կ’ուտէր, բայց Ռեբեկա Յակոբը կը սիրէր։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 25:28
Inicio
Biblia
Planes
Videos