ՂՈԻԿԱՍ 12
12
ԿԵՂԾԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
(Մատթ. 10.26-27)
1 Այն միջոցին երբ բիւրաւոր ժողովուրդներ վրան ժողվուեցան՝ գրեթէ մէկզմէկ կը կոխէին՝ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ամենէն առաջ ինքզինքնիդ զգոյշ պահեցէք Փարիսեցիներուն խմորէն, որ է կեղծաւորութիւն։ 2Վասն զի բան մը չկայ ծածուկ՝ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ չգիտցուի։ 3Ուստի ինչ որ մութ տեղը ըսիք, անիկա լոյս տեղը պիտի լսուի եւ այն որ ներքին սենեակներու մէջ ականջի խօսեցաք, տանիքներու վրայ պիտի քարոզուի»։
ՈՐՄԷ՞ ՎԱԽՆԱԼ
(Մատթ. 10.28-31)
4 «Բայց ձեզի՝ իմ բարեկամներուս, կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու անկէ աւելի բան մը ընելու կարողութիւն չունին։ 5Հապա ձեզի ցուցնեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք. անկէ վախցէք՝ որ սպաննելէ յետոյ իշխանութիւն ունի գեհեանը ձգելու։ Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, անկէ վախցէք’։ 6Չէ՞ որ հինգ ճնճղուկ երկու դանկի կը ծախուի եւ անոնցմէ մէ՛կը մոռցուած չէ Աստուծոյ առջեւ։ 7Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են. ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի աղէկ էք»։
ՅԻՍՈՒՍԸ ԴԱՒԱՆԻԼ ԵՒ ՈՒՐԱՆԱԼ
(Մատթ. 10.32-33, 12.32, 10.19-20)
8 «Եւ ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ամէն ով որ զիս կը դաւանի մարդոց առջեւ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա պիտի դաւանի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ։ 9Բայց ան որ զիս մարդոց առջեւ կ’ուրանայ, ինքն ալ պիտի ուրացուի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ’։ 10‘Ամէն ով որ Որդին մարդոյ դէմ բան ըսէ, պիտի ներուի անոր, բայց ան որ Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյութիւն ընէ, պիտի չներուի անոր’։ 11Երբ ձեզ ժողովարանները եւ իշխանութիւններու ու պետութիւններու առջեւ տանելու ըլլան, հոգ մի՛ ընէք թէ ի՞նչպէս կամ ի՞նչ պատասխան պիտի տաք, կամ ի՞նչ պիտի ըսէք, 12վասն զի Սուրբ Հոգին պիտի սորվեցնէ ձեզի նոյն ժամուն՝ ինչ որ պէտք է խօսիլ»։
ԱՆՄԻՏ ՀԱՐՈՒՍՏԻՆ ԱՌԱԿԸ
13Ժողովուրդին մէջէն մէկը ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ըսէ եղբօրս, որ մեզի ինկած ժառանգութիւնը ինծի հետ բաժնէ»։ 14Ան ալ ըսաւ անոր. «Մա՛րդ, ո՞վ զիս ձեր վրայ դատաւոր կամ բաժին ընող դրաւ»։ 15Եւ աւելցուց. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։
16Առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Հարուստ մարդու մը արտերը առատ բերքեր տուին։ 17Ան կը մտածէր ինքնիրեն ու կ’ըսէր. ‘Ի՞նչ ընեմ, վասն զի տեղ չունիմ, ուր իմ բերքերս ժողվեմ’։ Եւ ըսաւ. 18‘Իմ ամբարներս քակեմ ա՛լ աւելի մեծը շինեմ եւ հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս’. 19եւ իմ անձիս ըսեմ. ‘Ո՛վ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր’։ 20Բայց Աստուած ըսաւ անոր. ‘Անմի՛տ, այս գիշեր հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջուի. ուստի այն քու պատրաստած բաներդ որո՞ւ պիտի ըլլան’։ 21Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՍՏԱՀԻԼ
(Մատթ. 6.25-34)
22Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ մարմինին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի հագնիք. 23վասն զի կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը՝ հագուստէն։ 24Նայեցէ՛ք ագռաւներուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, բայց Աստուած զանոնք կը կերակրէ. դուք ո՜րչափ աւելի կ’արժէք թռչուններէն։ 25Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։ 26Հապա եթէ ամենափոքր բանին կարող չէք, ուրիշ բաներու համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք։ 27Նայեցէ՛ք շուշաններուն, ի՛նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէ՛կուն պէս չհագուեցաւ։ 28Ուստի եթէ խոտը, որ այսօր դաշտի մէջ է ու վաղը փուռը պիտի ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, ո՜րչափ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։ 29Ալ դուք մի՛ փնտռէք թէ ի՞նչ պիտի ուտէք եւ ի՞նչ պիտի խմէք ու մի՛ շփոթիք. 30վասն զի այդ բոլոր բաները աշխարհիս ազգերը կը փնտռեն։ Ձեր Հայրը գիտէ թէ ասոնք ձեզի պէտք են։ 31Բայց դուք Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրեցէք եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։
ԵՐԿՆԱՅԻՆ ԳԱՆՁԵՐԸ
32 «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ։ 33Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքը եւ ողորմութիւն տուէք. ու ձեզի չհիննալու քսակներ պատրաստեցէք, ու երկինքը՝ չպակսելու գանձ մը, ուր ո՛չ գողը կը մօտենայ եւ ո՛չ ցեցը կ’ապականէ։ 34Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ»։
ԱՐԹՈՒՆ ԾԱՌԱՆԵՐԸ
35 «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած։ 36Դուք եղէք այն մարդոց նման՝ որոնք իրենց տիրոջը կը սպասեն, թէ ե՞րբ պիտի դառնայ հարսանիքէն. որպէս զի երբ գայ եւ դուռը զարնէ, իսկոյն բանան անոր։ 37Երանի՜ այն ծառաներուն, որ երբ տէրը գայ՝ զանոնք արթուն պիտի գտնէ. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ինք գօտին մէջքը պիտի կապէ ու սեղան նստեցնէ զանոնք եւ առաջ անցնելով սպասաւորութիւն պիտի ընէ անոնց։ 38Եթէ գիշերուան երկրորդ պահուն գայ, կամ երրորդ պահուն գայ ու արթուն գտնէ, երանելի են այն ծառաները։ 39Բայց այս գիտցէք, թէ՝ եթէ տանտէրը գիտնար թէ ո՞ր ատեն գողը կու գայ, արթուն կը կենար ու թող չէր տար որ իր տունը ծակէ։ 40Ուրեմն դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր»։
ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԾԱՌԱՆ
(Մատթ. 24.45-51)
41Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, այդ առակը մե՞զի կ’ըսես թէ ամենուն ալ»։ 42Տէրը ըսաւ. «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը, որ տէրը իր գերդաստանին վրայ պիտի դնէ, որպէս զի ատենին անոնց ուտելիքը տայ։ 43Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատենը այնպէս ըրած պիտի գտնէ։ 44Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։ 45Հապա եթէ այն ծառան իր սրտին մէջ ըսէ. ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’ եւ սկսի ծառաները ու աղախինները ծեծել եւ ուտել ու խմել ու գինովնալ։ 46Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը, որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամ մը, որ չի գիտեր եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ ու անոր բաժինը անհաւատարիմներուն հետ պիտի դնէ։ 47Այն ծառան որ իր տիրոջը կամքը գիտէ ու չի պատրաստուիր, ո՛չ ալ անոր կամքը ի գործ կը դնէ, շատ ծեծ պիտի ուտէ։ 48Բայց ան որ չի գիտեր ու ծեծի արժանի բան մը ընէ, քիչ ծեծ պիտի ուտէ։ Որու որ շատ տրուեցաւ, շատ պիտի ուզուի անկէ եւ որու որ աւելի յանձնուեցաւ, ա՛լ աւելի պիտի պահանջուի անկէ»։
ՅԻՍՈՒՍ՝ ԲԱԺԱՆՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌ
(Մատթ. 10.34-36)
49«Ես կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ ու ի՞նչ կ’ուզեմ եթէ արդէն բորբոքած է։ 50Բայց մկրտութիւն մը ունիմ մկրտուելու եւ ի՜նչպէս կը տագնապիմ մինչեւ կատարուի։ 51Կը կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութի՞ւն ընելու եկայ. ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ո՛չ, հապա բաժանում’։ 52Վասն զի ասկէ ետք մէկ տան մէջ հինգը իրարմէ բաժնուած պիտի ըլլան, երեքը՝ երկուքէն ու երկուքը՝ երեքէն։ 53Հայրը պիտի բաժնուի որդիէն եւ որդին՝ հօրմէն, մայրը՝ աղջիկէն ու աղջիկը՝ մօրմէն, կեսուրը՝ իր հարսէն ու հարսը՝ իր կեսուրէն»։
ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՀԱՍԿՆԱԼ
(Մատթ. 16.2-3)
54Ըսաւ ժողովուրդին. «Երբ արեւմուտքի կողմէն ամպ մը ելած տեսնէք, շուտ մը կ’ըսէք թէ ‘Անձրեւ պիտի գայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ 55Ու երբ հարաւային հովը փչէ, կ’ըսէք թէ ‘Տաք պիտի ըլլայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ 56Կե՛ղծաւորներ, երկրի ու երկնքի երեսը քննելը գիտէք, հապա այս ժամանակը ի՞նչպէս չէք քններ»։
ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԻՆ ՀԵՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻԼ
(Մատթ. 5.25-26)
57 «Եւ ինչո՞ւ դուք ձեզմէ չէք որոշեր իրաւունքը։ 58Երբ դուն քու ոսոխիդ հետ իշխանին երթալու ըլլաս, ճամբուն մէջ անկէ ազատուելու ջանք ըրէ, որ չըլլայ թէ քեզ դատաւորին առջեւ քաշէ ու դատաւորը դահիճին ձեռքը տայ քեզ ու դահիճն ալ բանտը դնէ։ 59Քեզի կ’ըսեմ, բնաւ պիտի չելլես անկէ, մինչեւ վերջին լուման չվճարես»։
Currently Selected:
ՂՈԻԿԱՍ 12: WA2017
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017