YouVersion Logo
Search Icon

ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18

18
Այրի կնոջ եւ դատաւորին առակը
1Յիսուս առակ մը պատմեց իր աշակերտներուն, ցոյց տալու համար թէ պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու։ 2Եւ ըսաւ.
– Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ո՛չ ալ մարդոցմէ կ՚ամչնար։ 3Նոյն քաղաքին մէջ այրի կին մըն ալ կար, որ անոր կը դիմէր եւ կը խնդրէր. «Իրաւունքս պաշտպանէ հակառակորդէս»։ 4Դատաւորը երկար ժամանակ մերժեց դատը տեսնել, սակայն ի վերջոյ ըսաւ ինքնիրեն. «Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, 5բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չանհանգստացնէ»։
6պա Տէրը շարունակեց.
– Լսեցէք թէ ի՛նչ կ՚ըսէ անիրաւ դատաւորը։ 7Իսկ Աստուած որքա՞ն պիտի համբերէ իր ընտրեալներուն կրած անիրաւութեան. պիտի չպաշտպանէ՞ զանոնք, որոնք գիշեր ու ցերեկ իրեն կը դիմեն։ 8Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի՝ որ անոնց իրաւունքը անմիջապէս պիտի պաշտպանէ։ Բայց Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ։
Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին առակը
9Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին թէ արդար են եւ ուրիշները կ՚արհամարհէին։
10Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ Փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր։ 11Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ՚աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ՝ որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ։ 12Այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»։ 13Իսկ մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ՚ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը»։
14Կ՚ըսեմ ձեզի,– եզրակացուց Յիսուս,– մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ։
Յիսուս կ՚օրհնէ մանուկները
(Մտ 19.13-15, Մր 10.13-16)
15Ժողովուրդէն ոմանք մանուկներ բերին Յիսուսի, որպէսզի ձեռք դնէ անոնց վրայ։ Երբ աշակերտները ասիկա տեսան, սաստեցին բերողները։ 16Սակայն Յիսուս իր մօտ կանչեց մանուկները եւ ըսաւ.
– Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը։ 17Լաւ գիտցէք, ով որ Աստուծոյ արքայութիւնը չ՚ընդունիր մանուկի մը պէս, հոն պիտի չմտնէ։
Մեծահարուստ մարդը
(Մտ 19.16-30, Մր 10.17-31)
18 Հրեայ իշխանաւոր մը Յիսուսի հարցուց.
– Բարի՛ Վարդապետ, ի՞նչ պէտք է ընեմ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար։
19Յիսուս ըսաւ անոր.
– Ի՞նչու զիս բարի կը կոչես. միայն Աստուած բարի է։ 20Պատուիրանները գիտես. «Մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ»։
21Անիկա ըսաւ.
– Այդ բոլորը պատանութենէս ի վեր պահած եմ։
22Յիսուս երբ ասիկա լսեց, ըսաւ իշխանաւորին.
– Մէկ բան տակաւին պէտք է ընես։ Ինչ որ ունիս՝ ծախէ եւ աղքատներուն տուր. այդպիսով երկինքի մէջ գանձ պիտի ունենաս, եւ ապա եկուր հետեւէ ինծի։
23Իշխանաւորը երբ ասիկա լսեց, տրտմեցաւ, որովհետեւ շատ հարուստ էր։ 24Յիսուս զայն տրտում տեսնելով, ըսաւ.
– Որքա՜նդժուար է հարստութիւն ունեցողներուն համար՝ Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։ 25Շատ աւելի դիւրին է որ պարանը ասեղի ծակէնմտնէ, քան հարուստը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը։ 26Անոնք որ լսեցին, ըսին.
– Ուրեմն ո՞վ կրնայ փրկուիլ։
27Յիսուս պատասխանեց.
– Ինչ որ անկարելի է մարդոց համար՝ կարելի է Աստուծոյ համար։
28Ասոր վրայ՝ Պետրոս ըսաւ.
– Ահա մեր ամբողջ ունեցածը ձգեցինք եւ հետեւեցանք քեզի։
29Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Վստահ եղէք, ով որ կը ձգէ տուն, ծնողք, եղբայրներ, կին եւ կամ զաւակներ՝ Աստուծոյ արքայութեան համար, 30ներկայ կեանքին մէջ բազմապատիկը պիտի առնէ եւ գալիք աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։
Յիսուս երրորդ անգամ կը խօսի իր մահուան եւ յարութեան մասին
(Մտ 20.17-19, Մր 10.32-34)
31Ապա Յիսուս տասներկու աշակերտները մէկ կողմ առնելով, ըսաւ անոնց.
– Ահա Երուսաղէմ կ՚երթանք, ուր Մարդու Որդիին մասին մարգարէներուն բոլոր գրածները պիտի իրականանան։ 32Անիկա պիտի մատնուի հեթանոսներուն ձեռքը, որոնք պիտի ծաղրեն եւ նախատեն զինք, թքնեն վրան, 33ծեծեն եւ սպաննեն, բայց երրորդ օրը անիկա յարութիւն պիտի առնէ։
34Սակայն աշակերտները անոր ըսածներէն բան մը չհասկցան, որովհետեւ խօսքին իմաստը ծածկուած էր իրենցմէ եւ չէին գիտեր թէ Յիսուս ի՛նչ ըսել կ՚ուզէր։
Կոյր մուրացկանին բժշկութիւնը
(Մտ 20.29-34, Մր 10.46-52)
35Յիսուս Երիքովի կը մօտենար։ Հոն ճամբու եզերքին կոյր մուրացկան մը նստած էր, 36որ երբ ժողովուրդին անցնիլը լսեց, հարցուց.
– Ի՞նչ է այս։
37Անոնք ըսին.
Նազովրեցի Յիսուսը կ՚անցնի։
38Կոյրը սկսաւ աղաղակել.
– Յիսո՛ւս, Դաւիթի՜ Որդի, ողորմէ՛ ինծի։
39Առջեւէն գացողները սաստեցին զայն՝ որ լռէ, իսկ անիկա աւելի բարձր ձայնով կ՚աղաղակէր.
– Դաւիթի՜ Որդի, ողորմէ՛ ինծի։
40Յիսուս կանգ առաւ եւ հրամայեց իրեն բերել կոյրը։ Երբ անիկա մօտեցաւ, Յիսուս հարցուց.
41Ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ քեզի։
Կոյրը ըսաւ.
– Տէ՛ր, աչքերս թող բացուին, որ տեսնեմ։
42Յիսուս ըսաւ անոր.
– Ուրեմն տե՛ս. հաւատքդ քեզ բժշկեց։
43Նոյն պահուն իսկ անիկա սկսաւ տեսնել եւ հետեւեցաւ Յիսուսի՝ փառաւորելով զԱստուած։ Ժողովուրդն ալ ասիկա տեսնելով զԱստուած կ՚օրհնաբանէր։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in