YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 12

12
Հալածանքները կը սաստկանան
1Այն օրերուն Հերովդէսթագաւոր սկսաւ հալածանք հանել եկեղեցւոյ անդամներէն ոմանց դէմ։ 2Նախ սուրով սպաննել տուաւ Յակոբոսը, Յովհաննէսի եղբայրը։ 3Ապա տեսնելով որ ատիկա Հրեաներուն հաճելի է, Պետրոսն ալ ձերբակալել տուաւ Բաղարջակերաց տօնի օրերուն։ 4Զայն բռնելէ ետք բանտ դնել տուաւ, չորս հերթով չորսական զինուորներու յանձնելով անոր պահպանութիւնը։ Կ՚ուզէր Զատիկէն ետք հրապարակաւ դատել զայն։
5Մինչ Պետրոս բանտարկուած կը մնար, եկեղեցին անդադար Աստուծոյ կ՚աղօթէր իրեն համար։
Պետրոսի ազատումը բանտէն
6Հասաւ ժամանակը, երբ Հերովդէս կ՚ուզէրզայն դատաստանի բերել։ Գիշեր մը առաջ, Պետրոս երկու զինուորներու մէջտեղը կը քնանար, երկու շղթաներով կապուած, իսկ պահակները դրան առջեւ բանտը կը պահպանէին։ 7Եւ ահա Տիրոջ հրեշտակը եկաւ կեցաւ իր քով։ Բանտին խցիկը լուսաւորուեցաւ։ Պետրոսի կողը խթելով՝ հրեշտակը զայն արթնցուց եւ ըսաւ.
–Շուտով ե՛լ։
Շղթաները ինկան Պետրոսի ձեռքերէն։ 8Հրեշտակը ըսաւ իրեն.
–Գօտիդ կապէ եւ հողաթափներդ հագիր։
Պետրոս անոր ըսածը կատարեց։ Եւ անիկա ըսաւ.
–Վերարկուդ վրադ ա՛ռ եւ ինծի՛ հետեւէ։
9Պետրոս ելաւ եւ անոր հետեւեցաւ. սակայն չէր գիտեր՝ հրեշտակին ըրածը իրակա՞ն է թէ ոչ, որովհետեւ կը կարծէր թէ երազ կը տեսնէ։ 10Առաջին պահակակէտը անցան, յետոյ անցան երկրորդը եւ եկան երկաթէ դարպասին քով, որ դէպի քաղաք կը տանէր։ Դարպասը ինքնիրեն բացուեցաւ իրենց առջեւ։ Դուրս գալով, անոնք փողոց մտան. եւ իսկոյն հրեշտակը հեռացաւ իրմէ։ 11Պետրոս ինքզինքին գալով, ըսաւ.
–Ա՛լ հիմա վստահ եմ, թէ Տէրը իր հրեշտակը ղրկեց եւ զիս ազատեց Հերովդէսի ձեռքէն եւ այն բոլորէն, որ Հրեայ ժողովուրդը կ՚ակնկալէր։
12Սթափելով, դիմեց դէպի Մարիամի տունը։ Այս Մարիամը մայրն էր Յովհաննէսի, որ Մարկոս վերակոչուեցաւ։ Շատեր հաւաքուած էին այնտեղ եւ կ՚աղօթէին։ 13Երբ դարպասին դռնակը թակեց, Ռոդէ անունով աղախին մը եկաւ հասկնալու թէ ո՛վ է. 14եւ Պետրոսի ձայնը ճանչնալով՝ դուռը բանալու տեղ՝ ուրախութենէն ներս վազեց, աւետելու՝ թէ Պետրոսն է դրան քով կանգնողը։
15Անոնք իրեն ըսին.
–Խենթեցե՞ր ես։
Իսկ անիկա աւելի կը պնդէր, թէ ճիշդ է ըսածը։ Այն ատեն ըսին.
–Ուրեմն անոր հրեշտակն է։
16Մինչ այդ, Պետրոս կը շարունակէր բաղխել։ Երբ բացին, տեսան զինք եւ ապշեցան։ 17Պետրոս ձեռքով նշան ըրաւ որ լռեն, եւ անոնց պատմեց թէ ի՛նչպէս Տէրը զինք բանտէն հանեց։ Ապա ըսաւ.
–Ասիկա Յակոբոսին եւ միւս հաւատացեալ եղբայրներուն պատմեցէք։
Եւ ինք ելաւ ուրիշ տեղ մը գնաց։
18Երբ առաւօտ եղաւ, զինուորներուն մէջ մեծ իրարանցում մը ինկաւ, թէ արդեօք Պետրոսը ի՛նչ եղաւ։ 19Հերովդէս զայն փնտռել տուաւ, եւ երբ չգտան՝ հարցաքննութենէ ետք հրամայեց պահակները սպաննել։ Իսկ Պետրոս Հրէաստանէն Կեսարիա գնաց եւ հոն մնաց։
Հերովդէս Ագրիպպասի մահը
20 Հերովդէս թշնամութեամբ լեցուած էր Տիւրոսի եւ Սիդոնի բնակիչներուն դէմ, որոնց պատգամաւորները միասնաբար եկան եւ արքունի սենեկապետ Վլաստոսը համոզելով՝ խաղաղութիւն խնդրեցին, որովհետեւ իրենց երկրին ուտեստեղէնի պարենաւորումը արքունիքէն կախում ունէր։ 21Որոշուած օրը, Հերովդէս իր թագաւորական զգեստը հագած՝ ատեան նստած էր եւ հրապարակաւ կը խօսէր անոնց հետ։ 22Ամբոխը կ՚աղաղակէր, ըսելով.
–Մարդ մը չէ՛ խօսողը, այլ Աստուած։
23Տեղնուտեղը Տիրոջ հրեշտակըհարուածեցզայն,
քանի որ փառքը Աստուծոյ չվերագրեց։ Որդնալից եղաւ եւ այդպէս շունչը փչեց։
24Իսկ Աստուծոյ խօսքը կը տարածուէր եւ հաւատացեալներուն թիւը կը բազմանար։
25Երբ Բառնաբաս ու Սօղոս իրենց յանձնուած պաշտօնը աւարտեցին, Երուսաղէմէն Անտիոք վերադարձան, իրենց հետ ունենալով նաեւ Յովհաննէսը, որ Մարկոս վերակոչուած էր։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in