ԶԱՔԱՐԵԱՅ 13
13
1Այն օրը Դաւիթին տանը ու Երուսաղէմի բնակիչներուն
Բացուած աղբիւր մը պիտի ըլլայ
Մեղքէն ու պղծութենէն մաքրուելու համար։
2«Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,
Կուռքերուն անունները երկրէն պիտի ջնջեմ, այնպէս որ
Անգամ մըն ալ պիտի չյիշուին։
Անոնց մարգարէներն ու պիղծ ոգին ալ երկրէն պիտի վերցնեմ։
3Այնպէս որ երբ մարդ մը անկէ յետոյ մարգարէութիւն ընէ,
Զանիկա ծնանող հայրն ու մայրը իրեն պիտի ըսեն.
‘Պիտի չապրիս, քանզի Տէրոջը անունովը սուտ խօսեցար’։
Անոր մարգարէութիւն ըրած ատենը՝
Զանիկա ծնանող հայրն ու մայրը զանիկա պիտի խոցեն։
4Այն օրը մարգարէները
Մարգարէութիւն ըրած ատեննին պիտի ամչնան։ Ամէն մէկը՝ իր տեսիլքէն։
Խաբելու համար մազոտ վերարկու պիտի չհագնին։
5 Անոնց ամէն մէկը պիտի ըսէ.
‘Ես մարգարէ չեմ, ես երկրագործ մարդ եմ.
Քանզի իմ մանկութենէս ան իմ ստացուածքս է’։
6Անոր պիտի ըսուի.
‘Ձեռքերուդ մէջի այս վէրքերը ի՞նչ են’։
Անիկա պիտի ըսէ.
‘Ասոնք իմ բարեկամներուս տանը մէջ ընդունած վէրքերս են’»։
7«Արթնցի՛ր, ո՛վ սուր, իմ հովիւիս դէմ
Ու իմ ընկերս եղող մարդուն դէմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
«Հովիւը զա՛րկ, որ աչխարները ցրուին։
Իմ ձեռքս պզտիկներուն դէմ պիտի դարձնեմ»։
ՀՐԱՄԱՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈՎԻՒԸ ՍՊԱՆՆԵԼՈՒ
8Տէրը կ’ըսէ. «Բոլոր երկրին
Երկու երրորդ մասը պիտի կտրուի ու պիտի մեռնի,
Միայն մէկ երրորդ մասը պիտի մնայ անոր մէջ։
9Այդ մէկ երրորդ մասը կրակէ պիտի անցընեմ,
Զանոնք պիտի զտեմ՝ ինչպէս արծաթը կը զտուի,
Զանոնք պիտի փորձեմ՝ ինչպէս ոսկին կը փորձուի.
Անոնք իմ անունս պիտի կանչեն
Ու ես անոնց պատասխան պիտի տամ։
Ես պիտի ըսեմ. ‘Անիկա իմ ժողովուրդս է’.
Անոնք ալ՝ ‘Տէրը մեր Աստուածն է’, պիտի ըսեն»։
Currently Selected:
ԶԱՔԱՐԵԱՅ 13: WARMB
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.