YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 90

90
ՉՈՐՍ ԳԻՐՔ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ
Աստուծոյ մարդուն՝ Մովսէսին աղօթքը
1Ո՜վ Տէր, դուն մեզի ապաւէն եղար ազգէ մինչեւ ազգ։
2Լեռներուն ծնանելէն առաջ՝
Երկրի եւ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ՝
Յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած։
3Դուն մարդը փոշի կը դարձնես
Ու կ’ըսես. «Ե՛տ դարձէք, մարդոց որդիներ»։
4Վասն զի հազար տարին քու առջեւդ երէկուան պէս է, որ անցաւ,
Կամ գիշերուան պահու մը պէս։
5Կ’ընկղմես զանոնք, երազի պէս կ’ըլլան.
Առտուն կանանչացած խոտի պէս կ’ըլլան.
6Առտուն կը ծաղկի ու կը կանանչանայ,
Իրիկունը կը կտրուի ու կը չորնայ։
7Վասն զի քու բարկութենէդ կը մաշինք
Եւ քու սրտմտութենէդ կը խռովինք։
8Մեր անօրէնութիւնները՝ քու առջեւդ
Ու մեր ծածուկ մեղքերը քու երեսիդ լոյսին մէջ դրիր։
9Վասն զի մեր բոլոր օրերը քու բարկութիւնովդ կ’անցնին,
Մեր տարիները՝ ցնորքի մը պէս։
10Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են.
Եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան,
Տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է,
Վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք։
11Ո՞վ գիտէ քու բարկութեանդ զօրութիւնը
Եւ քու սրտմտութիւնդ քու վախիդ համեմատ։
12Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել,
Որ սրտի իմաստութիւն ստանանք։
13Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ.
Գթա՛ քու ծառաներուդ։
14Կշտացուր մեզ կանուխ քու ողորմութիւնովդ,
Որպէս զի ցնծանք ու ուրախ ըլլանք մեր բոլոր օրերուն մէջ։
15Ուրախացո՛ւր մեզ այն օրերուն չափովը որ տրտմեցուցիր.
Այն տարիներուն չափովը որ չարիք տեսանք։
16Թող երեւնայ քու գործդ քու ծառաներուդ
Եւ քու փառքդ՝ անոնց որդիներուն։
17Ու մեր Տէր Աստուծոյն վայելչութիւնը մեր վրայ ըլլայ։
Ձեռքերնուս գործը հաստատէ մեր վրայ.
Մեր ձեռքերուն գործը հաստատէ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 90: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in