ՍԱՂՄՈՍ 24
24
ՄԵԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1Տէրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը։
Աշխարհն ու անոր բնակիչները։
2Վասն զի ինք անոր հիմերը ծովերուն վրայ ձգեց
Ու զանիկա գետերուն վրայ հաստատեց։
3Ո՞վ պիտի ելլէ Տէրոջը լեռը,
Կամ ո՞վ պիտի կենայ անոր սուրբ տեղը։
4Ձեռքերով սուրբը ու սրտով մաքուրը,
Որ ստութեան անձնատուր չեղաւ
Ու նենգութեամբ երդում չըրաւ.
5Անիկա Տէրոջմէն օրհնութիւն պիտի ստանայ
Ու իր փրկութեանը Աստուծմէն՝ արդարութիւն։
6Զանիկա փնտռողներուն ցեղը այս է.
Քու երեսդ խնդրողը #24:6 Կամ, ո՛վ ՅակոբՅակոբն է՝ ՝։ (Սէլա։)
7Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք
Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ,
Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։
8Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը,
Կարող ու հզօր Տէրը,
Պատերազմի մէջ հզօր Տէրը։
9Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք
Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ,
Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։
10Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը։
Զօրքերուն Տէրը,
Ինքն է փառաց Թագաւորը։ (Սէլա։)
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 24: WARMB
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.