YouVersion Logo
Search Icon

ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4

4
ՅՈՐԴՈՐԱՆՔՆԵՐ
1Իմ սիրելի ու բաղձալի եղբա՛յրներս, իմ ուրախութիւնս ու պսակս, այսպէս հաստատո՛ւն կեցէք Տէրոջմով, սի՛րելիներս։
2Եւոդիային կ’աղաչեմ ու Սիւնտիքին կ’աղաչեմ, որ միեւնոյն խորհուրդը ունենան Տէրոջմով։ 3Իրաւ քեզի՛ ալ կ’աղաչեմ, իմ հարազատ լծակիցս, դո՛ւն ալ օգնական եղիր անոնց, որոնք ինծի հետ աշխատեցան աւետարանին մէջ Կղեմէսին եւ միւս գործակիցներուս հետ, որոնց անունները կենաց գրքին մէջ են։ 4Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք։ 5Ձեր քաղցրութիւնը ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ. Տէրը մօտ է։ 6Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ 7Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ։ 8Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք։ 9Ինչ որ սորվեցաք ու առիք եւ լսեցիք ու տեսաք իմ վրաս, զա՛յն ըրէք եւ խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԸՆԾԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
10Մեծապէս ուրախացայ Տէրոջմով, որ իմ վրաս ունեցած հոգերնիդ հիմա նորոգուեցաւ, ինչպէս կը հոգայիք ալ, միայն թէ պատեհութիւն չունէիք։ 11Ոչ թէ կարօտութեան համար կ’ըսեմ. վասն զի ես սորվեցայ գոհ ըլլալ իմ գտնուած վիճակիս մէջ։ 12Գիտեմ չքաւորութիւն քաշելը, գիտեմ շատը ունենալը. ամէն բանի մէջ ամէն կերպով աղէկ սորվեր եմ թէ՛ կշտանալը, թէ՛ անօթենալը, թէ՛ շատ ունենալը եւ թէ՛ պակասութիւն քաշելը։ 13Ամէն բանի կարող եմ #4:13 Ոմանք, Քրիստոսովանով՝ որ զիս զօրացուց։ 14Բայց աղէկ ըրիք որ իմ նեղութեանս մէջ ինծի օգնեցիք։ 15Դուք ալ գիտէք, Փիլիպպեցիներ, որ երբ աւետարանին սկիզբը ես Մակեդոնիայէն ելայ, եկեղեցի մըն ալ ինծի չօգնեց տալու եւ առնելու կողմէ, հապա միայն դուք. 16Որ մէկ երկու անգամ ինծի պէտք եղածը Թեսաղոնիկէ ղրկեցիք։ 17Ո՛չ թէ ես տուրք կը փնտռեմ, հապա պտուղ կը փնտռեմ, որ ձեր հաշիւին վրայ աւելնայ։ 18Բայց ես ամէն բան առած եմ ու առատօրէն ունիմ. լեցուած եմ Եպափրոդիտոսի ձեռքով ձեր ղրկածները ընդունելով, որ անոյշ հոտ մըն է, ընդունելի պատարագ, Աստուծոյ հաճելի։ 19Եւ իմ Աստուածս ձեր ամէն պիտոյքը պիտի լեցնէ իր ճոխութեանը չափովը, փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով։ 20Արդ՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը փառք յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՐԵՒՆԵՐ
21Բարեւ ըրէք բոլոր սուրբերուն Յիսուս Քրիստոսով։ 22Ձեզի բարեւ կ’ընեն ինծի հետ եղող եղբայրները։ 23Ձեզի բարեւ կ’ընեն բոլոր սուրբերը, մանաւանդ անոնք որ Կայսրին տունէն են։ 24Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in