YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 20

20
ԱՅԳԻԻՆ ԲԱՆՈՒՈՐՆԵՐԸ
1«Երկնքի թագաւորութիւնը տանտէրի մը նման է, որ առտուն կանուխ ելաւ՝ իր այգիին համար բանուորներ բռնելու։ 2Եւ բանուորներուն հետ օրը մէկ դահեկանի համաձայնեցաւ ու զանոնք ղրկեց իր այգին։ 3Ժամը երեքին ատենները ելաւ՝ ուրիշներ տեսաւ, որոնք շուկային մէջ պարապ կայներ էին, 4Ըսաւ անոնց. «Դուք ալ գացէք իմ այգիս եւ ինչ որ արժան է՝ կու տամ ձեզի»։ 5Անոնք ալ գացին։ Ապա ժամը վեցին եւ ժամը իննին ատենները ելաւ՝ նոյնը ըրաւ։ 6Ժամը տասնըմէկին ատենները ելաւ, ուիշներ գտաւ՝ որոնք պարապ կայներ էին, անոնց ալ ըսաւ. «Ինչո՞ւ հոս բոլոր օրը պարապ կայներ էք»։ 7Ըսին իրեն. «Անոր համար որ մէ՛կը մեզ վարձքով չբռնեց»։ Ըսաւ անոնց. «Դուք ալ այգին գացէք ու ինչ որ արժան է՝ պիտի առնէք»։ 8Իրիկունը, այգիին տէրը իր տնտեսին ըսաւ. «Բանուորները կանչէ եւ անոնց վարձքը տուր՝ վերջիններէն սկսելով մինչեւ առաջինները»։ 9Երբ եկան անոնք որ ժամը տասնըմէկին գացեր էին, մէյմէկ դահեկան առին։ 10Առաջինները գալով՝ կը կարծէին թէ աւելի պիտի առնեն, բայց անոնք ալ առին մէյմէկ դահեկան։ 11Երբ առին՝ տանտիրոջ դէմ տրտունջ ըրին ու ըսին. 12«Այդ վերջինները մէկ ժամ գործեցին, բայց մեզի հաւասար ըրիր, որ օրուան ծանրութիւնը ու տաքութիւնը քաշեցինք»։ 13Անիկա պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկուն ու ըսաւ. «Ընկե՛ր, ես քեզ չեմ զրկեր. չէ՞ որ դուն ինծի հետ մէկ դահեկանի համաձայնեցար. 14Ա՛ռ քուկդ ու գնա՛. կ’ուզեմ որ այս վերջինին քեզի տուածիս չափ տամ։ 15Միթէ ես իշխանութիւն չունի՞մ իմ բաներուս վրայ՝ ինչ որ ուզեմ ընելու. կամ թէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարերար եմ»։ 16Այսպէս յետինները առաջին պիտի ըլլան եւ առաջինները յետին. վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ»։
ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մարկ. 10:32-34, Ղուկ. 18:31-34)
17Ու երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ’ելլէր, ճամբան տասներկու աշակերտները իրեն հետ առաւ առանձին ու ըսաւ անոնց. 18«Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն, 19Հեթանոսներուն պիտի մատնեն՝ ծաղրուելու, ծեծուելու եւ խաչը հանուելու. բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։
ՄՕՐ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔԸ
(Մարկ. 10:35-45)
20Այն ատեն Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը որդիներուն հետ եկաւ անոր, երկրպագութիւն կ’ընէր ու բան մը կը խնդրէր անկէ։ 21Ան ալ ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ’ուզես»։ Ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ որ այս իմ երկու որդիներս մէկը աջ կողմդ եւ միւսը ձախ կողմդ նստին քու թագաւորութեանդ մէջ»։ 22Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես պիտի խմեմ, կամ այն մկրտութիւնով մկրտուիլ, որով ես պիտի մկրտուին»։ Ըսին իրեն. «Կրնանք»։ 23Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ գաւաթս պիտի խմէք եւ այն մկրտութիւնով որ ես մկրտուելու եմ, պիտի մկրտուիք. բայց իմ աջ ու ձախ կողմս նստիլը ես չեմ կրնար որոշել, հապա անոնց որ պատրաստուած է իմ Հօրմէս»։ 24Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին՝ այն երկու եղբայրներուն նեղուեցան։ 25Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք ու ըսաւ. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց եւ մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. 26Բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլայ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ 27Ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ. 28Ինչպէս Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՈՒ ԿՈՅՐԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մարկ. 10:46-52, Ղուկ. 18:35-43)
29Երբ անոնք Երիքովէն ելան, մեծ բազմութիւն անոր ետեւէն գնաց։ 30Ճամբուն քով երկու կոյր նստած էին. երբ լսեցին թէ Յիսուս կ’անցնի, աղաղակեցին ու ըսին. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»։ 31Բազմութիւնը կը յանդիմանէր զանոնք, որ լռեն, բայց անոնք՝ ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»։ 32Յիսուս կանգ առնելով կանչեց զանոնք ու ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ուզէք որ ձեզի ընեմ»։ 33Ըսին անոր. «Տէ՛ր, աչքերնիս բաց»։ 34Յիսուս խղճալով անոնց աչքերուն դպաւ։ Շուտ մը անոնց աչքերը բացուեցան ու անոր ետեւէն գացին։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 20: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy