YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՂԱՔԵԱՅ 4

4
ՏԷՐՈՋԸ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ՕՐԸ
1«Քանզի ահա փուռի պէս վառուած օրը կու գայ,
Երբ բոլոր հպարտները եւ բոլոր ամբարշտութիւն ընողները
Յարդի պէս պիտի ըլլան
Ու եկած օրը զանոնք պիտի այրէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,
Այնպէս որ անոնց արմատ կամ ոստ պիտի չթողու։
2Բայց ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝
Արդարութեան արեգակը պիտի ծագի։
Անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայ
Ու դուք գոմի պարարտ հորթերու պէս
Դուրս պիտի ելէք ու պիտի ցատկէք։
3Ամբարիշտները պիտի կոխկռտէք,
Վասն զի իմ գործ տեսնելու օրս
Անոնք ձեր ոտքերուն թաթերուն տակ
Մոխիր պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
4«Յիշեցէ՛ք իմ ծառայիս Մովսէսին օրէնքը,
Այսինքն այն կանոններն ու պատուիրանները,
Որոնք անոր տուի Քորեբի մէջ բոլոր Իսրայէլին համար։
5Ահա ես Եղիա մարգարէն ձեզի պիտի ղրկեմ
Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։
6Անիկա հայրերուն սիրտը՝ որդիներուն
Ու որդիներուն սիրտը հայրերուն պիտի դարձնէ,
Որ չըլլայ թէ ես գամ ու երկիրը անէծքով զարնեմ։

Currently Selected:

ՄԱՂԱՔԵԱՅ 4: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Videos for ՄԱՂԱՔԵԱՅ 4