YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 5

5
ԱՒԱԶԱՆԻՆ ՔՈՎ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ
1Ասկէ յետոյ Հրէից տօնն էր։ Յիսուս Երուսաղէմ ելաւ։ 2Երուսաղէմի մէջ Ոչխարներու դրանը քով աւազան մը կար, որ Եբրայեցերէն Բեթհեզդա կը կոչուէր, որ հինգ սրահ ունէր։ 3Ասոնց մէջ խիստ շատ հիւանդներ պառկած էին՝ կոյրեր, կաղեր, չորցածներ՝ որոնք կը սպասէին ջուրին խառնուելուն, 4Վասն զի հրեշտակ մը ժամանակ ժամանակ աւազանը կ’իջնէր ու ջուրերը կը խառնէր եւ ո՛վ որ ջուրին խառնուելէն յետոյ ամենէն առաջ անոր մէջ մտնէր, կը բժշկուէր ի՛նչ հիւանդութիւն ալ որ ունենար։ 5Հոն մարդ մը կար, որ երեսունըութը տարիէ ի վեր հիւանդութիւն մը ունէր։ 6Յիսուս երբ տեսաւ զանիկա, որ ինկած պառկած էր, գիտցաւ թէ շատ ժամանակէ ի վեր է, ըսաւ անոր. «Կ’ուզե՞ս առողջանալ» 7Հիւանդը պատասխան տուաւ անոր. «Տէ՛ր, մարդ մը չունիմ որ երբ ջուրերը խառնուին՝ զիս աւազանը ձգէ ու քանի որ ես ծանր կը շարժիմ, ինծմէ առաջ ուրիշ մը կ’իջնէ»։ 8Յիսուս ըսաւ անոր. «Ելի՛ր, մահիճդ առ ու քալէ»։ 9Իսկոյն մարդը առողջացաւ ու իր մահիճը վերցնելով կը քալէր։ Այն օրը շաբաթ էր։ 10Այն ատեն Հրեաները ըսին բժշկուած մարդուն. «Շաբաթ է եւ ներելի չէ որ մահիճդ վերցնես»։ 11Պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ան որ զիս բժշկեց՝ ի՛նք ինծի ըսաւ՝ ‘Մահիճդ ա՛ռ ու քալէ’»։ 12Ուստի հարցուցին անոր. «Ո՞վ է այն մարդը, որ քեզի ըսաւ, ‘Մահիճդ ա՛ռ ու քալէ’»։ 13Եւ բժշկուողը չէր գիտեր թէ ո՛վ է ան, վասն զի Յիսուս մէկդի քաշուեցաւ՝ այնտեղ բազմութիւն ըլլալուն համար։ 14Անկէ ետքը Յիսուս զանիկա տաճարին մէջ գտնելով՝ ըսաւ անոր. «Ահա բժշկուեցար, ալ մեղք մի՛ գործեր, որ ա՛լ աւելի չար բան չպատահի քեզի»։ 15Գնաց մարդը ու Հրեաներուն պատմեց թէ՝ Յիսուս էր, որ զինք բժշկեց։
16Ասոր համար Հրեաները կը հալածէին Յիսուսը եւ կը մտածէին զանիկա սպաննել, քանի որ այս բաները շաբաթ օրը կ’ընէր։ 17Եւ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ»։ 18Ասոր համար ա՛լ աւելի կը մտածէին Հրեաները զանիկա սպաննել, վասն զի ո՛չ միայն շաբաթ օրը չէր պահեր, հապա նաեւ Աստուած իր Հայրը կ’անուանէր ու այսպէս ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կ’ընէր։
ՈՐԴԻԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
19Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Որդին ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ’. վասն զի ինչ որ անիկա կ’ընէ, նմանապէս Որդին ալ նոյնը կ’ընէ։ 20Քանզի Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան կը ցուցնէ անոր՝ ինչ որ ինք կ’ընէ եւ ասոնցմէ ա՛լ աւելի մեծ գործեր պիտի ցուցնէ անոր, որպէս զի դուք զարմանաք։ 21Վասն զի ինչպէս Հայրը մեռելները կը յարուցանէ ու կը կենդանացնէ, այնպէս ալ Որդին որոնք կ’ուզէ կը կենդանացնէ։ 22Քանզի Հայրը մէ՛կը չի դատեր, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ. 23Որպէս զի ամէնքը պատուեն Որդին, ինչպէս Հայրը կը պատուեն։ Ան որ Որդին չի պատուեր, զանիկա ղրկող Հայրը չի պատուեր։ 24Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ան որ իմ խօսքս մտիկ կ’ընէ եւ կը հաւատայ անոր որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի ու դատապարտութեան տակ չիյնար, հապա մահուանէ դէպի կեանք անցած է’։ 25Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ Ժամանակ պիտի գայ եւ հիմա ալ է, երբ մեռելները պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը եւ անոնք որ կը լսեն, պիտի ապրին։ 26Վասն զի ինչպէս Հայրը իր անձին մէջ կեանք ունի, այնպէս ալ Որդիին տուաւ, որ իր անձին մէջ կեանք ունենայ, 27Եւ դատաստան ընելու իշխանութիւն ալ տուաւ անոր, քանզի անիկա Որդի մարդոյ է։ 28Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, 29Ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԱՄԱՐ
30Ես ինքնիրմէս բան մը չեմ կրնար ընել. ինչպէս կը լսեմ, այնպէս կը դատեմ եւ իմ դատաստանս արդար է, վասն զի ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա #5:30 Ոմանք, Հօրըանոր կամքը որ զիս ղրկեց։ 31Եթէ ես ինծի համար վկայեմ, իմ վկայութիւնս ճշմարիտ չէ։ 32Ուրիշ մըն է, որ ինծի համար կը վկայէ եւ ես գիտեմ թէ ճշմարիտ է այն վկայութիւնը՝ որ ինք ինծի համար վկայեց։ 33Դուք Յովհաննէսին ղրկեցիք եւ ինք ճշմարտութեանը վկայ եղաւ։ 34Բայց ես պէտք չունիմ մարդոց վկայութեան։ Այս բաները կ’ըսեմ, որպէս զի դուք փրկուիք։ 35Անիկա ճրագ մըն էր, որ կը վառէր ու լոյս կու տար եւ դուք քիչ մը ատեն ուզեցիք անոր լոյսովը ուրախանալ։ 36Բայց ես Յովհաննէսին վկայութենէն ալ մեծ վկայութիւն մը ունի, քանզի այն գործերը որոնք Հայրը ինծի տուաւ որ կատարեմ, այն նոյն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինծի համար կը վկայեն թէ ‘Հայրը զիս ղրկեց’։ 37Հայրը, որ զիս ղրկեց, ինք վկայեց ինծի համար։ Դուք անոր ձայնը չլսեցիք, ո՛չ ալ անոր կերպարանքը տեսաք 38Ո՛չ ալ անոր խօսքը ձեր մէջ բնակած է, քանզի զայն որ ինք ղրկեց, դուք անոր չէք հաւատար։ 39Գրքերը քննեցէք, վասն զի կը կարծէք թէ անոնցմով կրնաք յաւիտենական կեանք ունենալ։ Ահա բուն անոնք են, որ ինծի համար կը վկայեն. 40Եւ դուք չէք ուզեր ինծի գալ, որ կեանք ունենաք։ 41Ես մարդոցմէ փառք չեմ սպասեր։ 42Բայց գիտեմ թէ Աստուծոյ սէրը ձեր մէջ չունիք։ 43Ես իմ Հօրս անունովը եկայ ու զիս չէք ընդունիր եթէ ուրիշ մէկը իր անունովը գայ, զանիկա պիտի ընդունիք։ 44Դուք ի՞նչպէս կրնաք հաւատալ, երբ իրարմէ փառք կ’ակնկալէք եւ այն փառքը որ Աստուծմէն է՝ չէք փնտռեր։ 45Մի՛ կարծէք թէ ես ձեզի համար ամբաստանութիւն պիտի ընեմ Հօրը։ Կայ մէկը՝ որ ձեզի համար ամբաստանութիւն կ’ընէ։ Մովսէսը՝ որուն դուք յուսացած էք։ 46Վասն զի եթէ դուք Մովսէսին հաւատայիք, ինծի ալ պիտի հաւատայիք, քանզի անիկա ինծի համար գրեց։ 47Բայց եթէ անոր գրածներուն չէք հաւատար, իմ խօսքերուս ի՞նչպէս պիտի հաւատաք։

Currently Selected:

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 5: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in