YouVersion Logo
Search Icon

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 4

4
1Ուրեմն վախնանք, որ չըլլայ թէ անոր հանգիստը մտնելու խոստումէն, որ մեզի մնացեր է, ձեզմէ մէկը զրկուի։ 2Վասն զի մենք ալ անոնց պէս աւետիս առած ենք. բայց անոնց շահ մը չըրաւ այն խօսքը լսելը, քանզի հաւատքով ընդունուած չէր լսողներէն։ 3Իսկ մենք որ հաւատացինք, հանգիստը պիտի մտնենք. ինչպէս ըսաւ. «Ուստի երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ թէ՝ Իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։ Թէեւ իր գործերը աշխարհի սկիզբէն լրացած էին։ 4Վասն զի գիրքը այսպէս կ’ըսէ տեղ մը եօթներորդ օրուան համար. «Աստուած եօթներորդ օրը հանգչեցաւ իր բոլոր գործերէն»։ 5Ու հոս նորէն կ’ըսէ. «Իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։ 6Ուստի ոմանք հոն պիտի մտնեն։ Բայց անոնք որ նախապէս աւետիսը առած էին, անհաւատութեան համար չմտան։ 7Նորէն օր մը կը սահմանէ ու կ’ըսէ. «Այսօր»ը Դաւիթին բերնով այնքան ժամանկէ յետոյ, ինչպէս ըսուեցաւ. «Այսօր, եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք, ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք»։ 8Վասն զի եթէ Յեսու հանգչեցուցած ըլլար զանոնք, ա՛լ անկէ ետքը ուրիշ օրուան համար չէր ըսուեր։ 9Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ։ 10Վասն զի ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած ալ իրեններէն։ 11Ուրեմն ջանանք այն հանգիստը մտնել, որ չըլլայ թէ մէկը նոյն անհաւատութեան մէջ իյնայ։ 12Վանս զի Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները։ 13Չկայ արարած մը որ անոր դէմ չերեւնայ, հապա ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը։
ՅԻՍՈՒՍ ՄԵԾ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ
14Արդ՝ մենք որ մեծ Քահանայապետ մը ունինք երկինքը գացած, Յիսուսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ ամուր բռնենք մեր դաւանութիւնը։ 15Քանզի ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի։ 16Ուստի ա՛լ համարձակութիւնով մօտենանք շնորհաց աթոռին, որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու։

Currently Selected:

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 4: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in