YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 7

7
ՋՐՀԵՂԵՂԸ
1Տէրը ըսաւ Նոյին. «Դուն քու բոլոր տունովդ տապանը մտիր, վասն զի այս դարուն մարդոց մէջ քեզ իմ առջեւս արդար տեսայ։ 2Մաքուր անասուններէն քեզի եօթնական հատ առ, արու եւ էգ. իսկ անմաքուր անասուններէն երկերկու հատ՝ արու եւ էգ։ 3Երկնքի թռչուններէն ալ եօթնական հատ առ, արու եւ էգ, բոլոր երկրի վրայ անոնց սերունդը ողջ պահելու համար։ 4Վասն զի եօթը օրէն ետքը երկրի վրայ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր անձրեւ պիտի բերեմ եւ ամէն էակ որ ըրի, երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ»։ 5Նոյ ըրաւ Տէրոջը բոլոր իրեն պատուիրածին պէս։ 6Ջրհեղեղին երկրի վրայ եկած ատենը Նոյ վեց հարիւր տարեկան էր։ 7Նոյ ու իր որդիները եւ իր կինը ու իր որդիներուն կիները իրեն հետ՝ ջրհեղեղին ջուրերուն պատճառաւ տապանը մտան։ 8Մաքուր անասուններէն ու անմաքուր անասուններէն եւ թռչուններէն ու երկրի վրայ ամէն սողացողներէն՝ 9Զոյգ զոյգ արու եւ էգ տապանը Նոյին գացին, ինչպէս Աստուած Նոյին պատուիրած էր։ 10Եւ եղաւ որ եօթը օրէն ետքը ջրհեղեղին ջուրերը երկրի վրայ եկան։ 11Նոյի կեանքին վեցհարիւրերորդ տարին, երկրորդ ամիսը, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, նոյն օրը մեծ անդունդին բոլոր աղբիւրները ճեղքուեցան ու երկնքի պատուհանները բացուեցան 12Ու երկրի վրայ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր անձրեւ եկաւ։ 13Ճիշդ նոյն օրը Նոյ եւ իր որդիները՝ Սէմ ու Քամ եւ Յաբեթ եւ Նոյին կինը ու իր որդիներուն երեք կիները իրենց հետ տապանը մտան։ 14Անոնք ու բոլոր գազանները իրենց տեսակին պէս եւ բոլոր ընտանի անասունները իրենց տեսակին պէս ու երկրի վրայ սողացող բոլոր սողունները իրենց տեսակին պէս եւ բոլոր թռչունները իրենց տեսակին պէս, ամէն տեսակ թեւաւոր թռչուն. 15Կենդանութեան շունչ ունեցող ամէն մարմինէ երկերկու հատ տապանը մտան։ 16Եւ տապանը մտնողները արու եւ էգ մտան, ինչպէս Աստուած անոր պատուիրեր էր եւ Տէրը անոր ետեւէն տապանը գոցեց։ 17Ու երկրի վրայ քառասուն օր ջրհեղեղ եղաւ եւ ջուրերը շատցան ու տապանը վերցուցին եւ անիկա երկրէն բարձրացաւ։ 18Եւ ջուրերը զօրացան ու խիստ շատցան երկրին վրայ ու տապանը ջուրերուն երեսին վրայ կը պտըտէր։ 19Եւ ջուրերը երկրին վրայ խիստ շատ զօրացան ու բոլոր երկնքի տակ եղող բոլոր բարձր լեռները ծածկեցին։ 20Ջուրերը տասնըհինգ կանգուն վեր բարձրացան եւ լեռները ծածկեցին։ 21Ու երկրի վրայ շարժող ամէն մարմին, թէ՛ թռչուն, թէ՛ անասուն, թէ՛ գազան եւ թէ՛ երկրի վրայ սողացող ամէն սողուն եւ ամէն մարդ մեռան։ 22Ցամաքի վրա եղողներէն անոնք՝ որ ռնգունքներուն մէջ կենդանութեան շունչ ունէին, ամէնքն ալ մեռան։ 23Ու երկրի երեսին վրայ եղող ամէն էակ ջնջուեցաւ, մարդէն մինչեւ անասունը, սողունէն մինչեւ երկնքի թռչունը. անոնք երկրէն ջնջուեցան ու միայն Նոյ մնաց եւ իրեն հետ տապանին մէջ եղողները։ 24Եւ ջուրերը երկրի վրայ հարիւր յիսուն օր #7:24 Եբր., զօրացանբարձրացած մնացին։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 7: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in