YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 12

12
ԱՍՏՈՒԱԾ ԱԲՐԱՄԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
1Տէրը ըսաւ Աբրամին. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ։ 2Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս։ 3Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին»։ 4Աբրամ գնաց ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր։ Ղովտն ալ անոր հետ գնաց։ Աբրամ եօթանասունըհինգ տարեկան էր երբ Խառանէն ելաւ։ 5Եւ Աբրամ իր կինը Սարան ու իր եղբօրորդին Ղովտը եւ իրենց բոլոր ստացուածքը եւ Խառանի մէջ իրենց ստացած ծառաները առնելով՝ ելան որ Քանանի երկիրը երթան։ Քանանի երկիրը հասան։ 6Աբրամ այն երկրէն մինչեւ Սիւքէմի տեղը, մինչեւ Մօրէի կաղնին անցաւ։ Այն ատեն Քանանացիներ կային այն երկրին մէջ։ 7Տէրը երեւցաւ Աբրամին ու ըսաւ. «Քու սերունդիդ պիտի տամ այս երկիրը»։ Աբրամ հոն սեղան շինեց Տէրոջը, որ իրեն երեւցաւ։ 8Անկէ դէպի Բեթէլի արեւելեան կողմը եղող լեռը չուեց ու իր վրանը բացաւ, Բեթէլը արեւմտեան կողմը ու Գային արեւելեան կողմը ունենալով եւ հոն Տէրոջը սեղան շինեց ու Տէրոջը անունը կանչեց։ 9Աբրամ միշտ դէպի հարաւ կը չուէր։
ԱԲՐԱՄ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ
10Այն երկրին մէջ սով եղաւ եւ Աբրամ Եգիպտոս իջաւ հոն պանդխտանալու համար. վասն զի այն երկրին մէջ սովը սաստիկ էր։ 11Երբ Եգիպտոս մտնելու մօտեցաւ, իր կնոջ Սարային ըսաւ. «Ահա գիտեմ որ դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես 12Եւ թերեւս, երբ Եգիպտացիները քեզ տեսնեն, ըսեն. ‘Ասիկա անոր կինն է’ ու զիս մեռցնեն, բայց քեզ ողջ թողուն։ 13Շնորհք ըրէ՛, ըսէ՛ թէ դուն իմ քոյրս ես. որ քու պատճառովդ ինծի աղէկ ըլլայ ու քու պատճառովդ իմ անձս ապրի։ 14Եւ երբ Աբրամ Եգիպտոս մտաւ, Եգիպտացիները տեսան կինը, որ շատ գեղեցիկ էր։ 15Փարաւոնին իշխաններն ալ տեսան ու գովեցին զանիկա Փարաւոնին առջեւ եւ կինը Փարաւոնին տունը տարուեցաւ։ 16Եւ անոր համար Աբրամին հետ լաւ վարուեցան ու Աբրամ ոչխարներ ու արջառներ եւ էշեր ու ծառաներ եւ աղախիններ ու էգ էշեր եւ ուղտեր ստացաւ։ 17Բայց Տէրը մեծ հարուածներով զարկաւ Փարաւոնը ու անոր տունը՝ Աբրամի կնոջ Սարային համար։ 18Փարաւոն կանչեց Աբրամը ու ըսաւ. «Այս ի՞նչ է, որ ինծի ըրիր. ինչո՞ւ ինծի չյայտնեցիր թէ ասիկա քու կինդ է. 19Ինչո՞ւ համար ‘Ասիկա քոյրս է’, ըսիր եւ քիչ մնաց որ զանիկա ինծի կին պիտի առնէի. բայց հիմա ահա կինդ. ա՛ռ ու գնա՛»։ 20Եւ Փարաւոն իր մարդոցը պատուիրեց, որ զանիկա իր կնոջ ու իր բոլոր ստացուածքով ապահով ղրկեն։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 12: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in