YouVersion Logo
Search Icon

ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 2

2
ՊՕՂՈՍ ԵՒ ՄԻՒՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ
1Տասնըչորս տարի յետոյ նորէն Երուսաղէմ գացի Բառնաբասին հետ՝ Տիտոսն ալ մէկտեղ առնելով։ 2Ելայ յայտնութիւնով ու անոնց իմացուցի այն աւետարանը՝ որ հեթանոներուն մէջ կը քարոզեմ, բայց առանձին անոնց՝ որոնք երեւելիներ էին, որ չըլլայ թէ պարապ տեղ վազեմ կամ վազած ըլլամ։ 3Բայց ինծի հետ եղող Տիտոսն ալ, որ Յոյն էր, չպարտաւորուեցաւ թլփատուիլ. 4Մանաւանդ ներս սպրդող սուտ եղբայրներուն համար՝ որոնք սահելով ներս մտան Քրիստոս Յիսուսով մեր ունեցած ազատութիւնը լրտեսելու համար, որպէս զի մեզ ծառայեցնեն. 5Որոնց նոյնիսկ քիչ մը ատեն մտիկ չըրինք, որպէս զի աւետարանին ճշմարտութիւնը հաստատուն մնայ ձեր մէջ։ 6Բայց անոնք որ բան մը կը կարծուէին, ինչ որ էին՝ այն իմ հոգս չէ. Աստուած մարդոց աչառութիւն չ’ըներ, վասն զի այնպէս կարծուածները բան մը չիմացուցին ինծի։ 7Հապա անոր հակառակը՝ երբ տեսան թէ անթլփատներուն աւետարանը ինծի յանձնուած է, ինչպէս Պետրոսին ալ՝ թլփատուածներունը, 8(Վասն զի ան որ Պետրոսին յաջողութիւն տուաւ թլփատուածներուն առաքելութիւն ընելու, ինծի ալ՝ հեթանոսներունը,) 9Ու երբ ինծի տրուած շնորհքը գիտցան ու Յակոբոսն ու Կեփասը եւ Յովհաննէսը, որոնք սիւներ սեպուած էին, աջ ձեռքերնին տուին ինծի ու Բառնաբասին՝ ի նշան հաղորդակցութեան, որպէս զի մենք հեթանոսներուն մէջ երթանք ու անոնք՝ թլփատուածներուն. 10Միայն թէ կը կամենային որ աղքատները յիշենք եւ ես ալ աշխատեցայ բան մը ընել։
ՊՕՂՈՍ ՊԵՏՐՈՍԸ ԿԸ ՍԱՍՏԷ
11Երբ Պետրոս Անտիոք եկաւ, ես անոր դէմ կեցայ. որովհետեւ ինք մեղադրելի էր։ 12Վասն զի դեռ Յակոբոսին քովէն մէկ քանի հոգի չեկած, ինք հեթանոսներուն հետ անխտրաբար կ’ուտէր. բայց երբ եկան՝ մէկդի կը քաշուէր եւ ինքզինք կը զատէր, վախնալով թլփատուածներէն։ 13Եւ անոր հետ կեղծաւորուեցան միւս Հրեաներն ալ, այնպէս որ Բառնաբաս ալ անոնց կեղծաւորութեանը հակեցաւ։ 14Բայց ես երբ տեսայ թէ աւետարանին ճշմարտութեանը մէջ շիտակ չեն քալեր, ամենուն առջեւ Պետրոսին ըսի. «Եթէ դուն, որ Հրեայ ես, հեթանոսի պէս ու ո՛չ թէ Հրեայի պէս կ’ապրիս, ի՞նչպէս հեթանոսները կը ստիպես Հրեայի պէս վարուելու»։
ՀՐԵԱՆԵՐՆ ՈՒ ՀԵԹԱՆՈՍՆԵՐԸ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՓՐԿՈՒԱԾ ԵՆ
15Մենք որ բուն Հրեայ ենք եւ ոչ թէ հեթանոս մեղաւորներ, 16Գիտնալով՝ թէ մարդ օրէնքին գործերէն չի կրնար արդարանալ, հապա Յիսուս Քրիստոսի հաւատքէն, մենք ալ Քրիստոս Յիսուսին հաւատացինք՝ որպէս զի արդարանանք Քրիստոսին հաւատքով եւ ո՛չ թէ օրէնքին գործերով, որովհետեւ օրէնքին գործերով ոչ ոք պիտի արդարանայ։ 17Իսկ եթէ մենք կ’ուզենք Քրիստոսով արդարանալ, մեղաւո՞ր գտնուինք, ուրեմն Քրիստոս մեղքի պաշտօնեա՞յ եղաւ։ Քա՛ւ լիցի։ 18Քանզի եթէ իմ քակած բաներս նորէն կը շինեմ, իմ անձս յանցաւոր կը ցուցնեմ։ 19Վասն զի ես օրէնքով մեռայ օրէնքին, որպէս զի Աստուծոյ կենդանի ըլլամ։ 20Քրիստոսին հետ խաչը ելայ եւ ալ կենդանի եմ ո՛չ թէ ես, հապա Քրիստոս կենդանի է իմ մէջս. բայց ես որ հիմա մարմնովս կ’ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքովը կ’ապրիմ, որ զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց։ 21Ես Աստուծոյ շնորհքը չեմ խափաներ. վասն զի եթէ արդարութիւնը օրէնքէն էր, ուրեմն Քրիստոս պարապ տեղ մեռաւ։

Currently Selected:

ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 2: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in