YouVersion Logo
Search Icon

ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3

3
1Արդ եթէ Քրիստոսին հետ յարութիւն առիք, ուրեմն վերի բաները փնտռեցէք, ուր Քրիստոս կը նստի Աստուծոյ աջ կողմը։ 2Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք, ո՛չ թէ այս երկրին վրայիններուն։ 3Վասն զի դուք մեռաք ու ձեր կեանքը պահուած է Աստուծոյ քով Քրիստոսին հետ։ 4Երբ Քրիստոս՝ մեր կեանքը՝ յայտնուի, այն ատեն դուք ալ անոր հետ փառքով պիտի յայտնուիք։
ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ
5Ուստի ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է. 6Որոնց համար Աստուծոյ բարկութիւնը անհնազանդութեան որդիներուն վրայ կու գայ. 7Որոնց մէջ ատեն մը դո՛ւք ալ կը քալէիք, երբ անոնց մէջ կ’ապրէիք։ 8Բայց հիմա մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը՝ բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը ձեր բերաններէն։ 9Իրարու սուտ մի՛ խօսիք. հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք 10Եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս 11Ուր Յոյն ու Հրեայ, թլփատութիւն ու անթլփատութիւն, Բարբարոս, Սկիւթացի, ծառայ կամ ազատ չկայ. հապա Քրիստոս է ամէնը՝ ամէն բանի մէջ։ 12Ուստի Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, 13Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։ 14Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է։ 15Ու #3:15 Ոմանք, ՔրիստոսիԱստուծոյ խաղաղութիւնը ձեր սրտերուն մէջ թագաւորէ, որուն դուք կանչուեցաք մէկ մարմնով ու գոհացէք։ 16Քրիստոսին խօսքը ձեր մէջ բնակի առատապէս ամէն իմաստութիւնով՝ իրարու սորվեցնելու ու խրատելու՝ սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սրտերուն մէջ շնորհքով Աստուած օրհնելու։ 17Ամէն ինչ որ կ’ընէք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով՝ բոլորը Տէր Յիսուսին անունովը ըրէք, Աստուծոյ ու Հօրը գոհութիւն մատուցանելով անոր ձեռքով։
ՆՈՐ ԿԵԱՆՔՈՎ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
18Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով։ 19Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց։ 20Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի։ 21Հա՛յրեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին։ 22Ծա՛ռաներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր մարմնաւոր տէրերուն, ոչ թէ աչքի առջեւ ծառայելով մարդահաճոներու պէս, հապա սրտի միամտութեամբ՝ Տէրոջմէ վախնալով. 23Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց, 24Գիտնալով որ ժառանգութեան հատուցումը Տէրոջմէն պիտի առնէք. վասն զի Տէր Քրիստոսին կը ծառայէք. 25Բայց անօրէնը իր անօրէնութեան պատիժը պիտի ընդունի եւ աչառութիւն չկայ։

Currently Selected:

ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy