YouVersion Logo
Search Icon

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1

1
1Առաջին պատմութիւնը ըրի, ո՛վ Թէոփիլոս, այն ամէն բաներուն վրայ, որոնք Յիսուս սկսաւ ընել եւ սորվեցնել։ 2Մինչեւ այն օրը, երբ Սուրբ Հոգիին միջոցով պատուէր տուաւ իր ընտրած առաքեալներուն ու համբարձաւ. 3Որոնց ինքզինք ցուցուց՝ կենդանի, իր չարչարանքներէն յետոյ շատ ապացոյցներով, քառասուն օրուան մէջ անոնց երեւնալով ու Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայ խօսելով։ 4Անոնց հետ մէկտեղ #1:4 Կամ, հաց կերածգտնուած ատենը ապսպրեց անոնց, որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին, որ ըսաւ. «Ինծմէ լսեցիք, 5Վասն զի իրա՛ւ Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք շատ օրեր չանցած Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք»։
ՅԻՍՈՒՍ ՀԱՄԲԱՐՁԱՒ
6Անոնք ալ մէկտեղ գալով՝ կը հարցնէին իրեն ու կ’ըսէին. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։ 7Ըսաւ անոնց. «Ձեզի չի՛ վերաբերիր ժամերը եւ ժամանակները գիտնալը, որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ. 8Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։ 9Եւ երբ այս բաները ըսաւ, մինչ անոնք կը նայէին, համբարձաւ։ Ամպ մը զանիկա անոնց աչքէն ծածկեց։ 10Երբ աչքերնին տնկած դէպի երկինք կը նայէին անոր ետեւէն, ահա երկու ճերմակ հանդերձներով մարդ իրենց քով կայնեցան, 11Որոնք ըսին. «Ո՛վ Գալիլիացի մարդիկ, ինչո՞ւ կայներ դէպի երկինք կը նայիք. այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»։
ՅՈՒԴԱՅԻՆ ՅԱՋՈՐԴԸ
12Այն ատեն Երուսաղէմ դարձան Ձիթենեաց լեռնէն, որ շաբաթ օրուան ճամբու չափ մօտ է Երուսաղէմի։ 13Երբ քաղաքը մտան ելան վերնատունը, ուր կը բնակէին Պետրոսը եւ Յակոբոսը, Յովհաննէսը եւ Անդրէասը, Փիլիպպոսը եւ Թովմասը, Բարթողիմէոսը եւ Մատթէոսը, Յակոբոս Ալփէոսեանն ու Սիմոն Նախանձայոյզը եւ Յուդա #1:13 Այսինքն, Յակոբոսին եղբայրը, ընդհանուր կարծիքին համաձայնՅակոբեան։ 14Ասոնք ամէնքը միաբանութեամբ միշտ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէին կիներուն հետ եւ Յիսուսին մօրը Մարիամին ու անոր եղբայրներուն հետ մէկտեղ։
15Այն օրերը Պետրոս ելաւ աշակերտներուն մէջ, (ուր հարիւր քսան հոգիի չափ հաւաքուած բազմութիւն կար,) ու ըսաւ. 16«Մարդի՛կ եղբայրներ, պէտք է որ կատարուէր այն գրուածը, որ նախապէս Սուրբ Հոգին Դաւիթին բերնով ըսաւ Յուդայի համար, որ Յիսուսը բռնողներուն առաջնորդ եղաւ. 17Վասն զի անիկա մեզի հետ էր մեր համրանքին մէջ եւ այս պաշտօնէն ալ բաժին ունէր։ 18Ասիկա անիրաւութեան վարձքով ագարակ մը ստացաւ ու գլխիվար իյնալով մէջտեղէն ճեղքուեցաւ եւ իր փորոտիքը դուրս թափուեցաւ։ 19Ու այս բանը Երուսաղէմ բնակողներուն յայտնի եղաւ, այնպէս որ իրենց լեզուովը այն ագարակին անունը Ակեղդամա դրուեցաւ, այսինքն՝ Արեան Ագարակ։ 20Վասն զի Սաղմոսներու մէջ գրուած է թէ ‘Անոր բնակարանը աւերակ ըլլայ ու անոր մէջ բնակող մը չըլլայ։ Անոր պաշտօնը ուրիշը առնէ’։ 21Ուրեմն պէտք է որ այս մարդոցմէն՝ որոնք մեզի հետ էին այն բոլոր ատենը, երբ Տէր Յիսուս մեր մէջ մտաւ ու ելաւ՝ 22Յովհաննէսին մկրտութենէն սկսած՝ մինչեւ այն օրը որ մեզմէ համբարձաւ՝ ասոնցմէ մէկը մեզի հետ վկայ ըլլայ անոր յարութեանը»։ 23Երկու հոգի կայնեցուցին Յովսէփը, որ Բարսաբա կը կոչուէր, որ Յուստոս ալ մականուանուեցաւ ու Մատաթիան։ 24Աղօթելով՝ ըսին. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, որ ամենուն սիրտը կը ճանչնաս, այս երկուքէն ո՞ր մէկը ընտրեցիր, մեզի յայտնէ. 25Որպէս զի այս պաշտօնին եւ առաքելութեանը վիճակը առնէ, որմէ Յուդա ինկաւ իր տեղը երթալու»։ 26Անոնց համար վիճակ ձգեցին ու վիճակը Մատաթիային ելաւ։ Անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն հետ սեպուեցաւ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in