YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3

3
ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ
1Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. 2Վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, 3Անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, 4Մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. 5Որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են եւ դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր։ 6Վասն զի ասոնցմէ ոմանք տուներէն ներս կը մտնեն ու գերի կ’ընեն մեղքով բեռնաւորուած տկարամիտ կիները՝ զանազան ցանկութիւններէ վարուած, 7Որ միշտ կը սորվին, բայց բնաւ չեն կրնար ճշմարտութիւնը ճանչնալ։ 8Հապա ինչպէս Յանէսն ու Յամրէսը հակառակ կեցան Մովսէսին, նոյնպէս ասոնք ալ ճշմարտութեանը հակառակ կը կենան. մտքով ապականած մարդիկ, որոնք հաւատքի մէջ անպիտաններ են։ 9Բայց աւելի յառաջ պիտի չերթան, վասն զի ասոնց անմտութիւնը ամենուն յայտնի պիտի ըլլայ, ինչպէս երկուքինը եղաւ։
ՎԵՐՋԻՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
10Իսկ դուն ծանօթացար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս, դիտաւորութեանս, հաւատքիս, երկայնմտութեանս, սիրոյս, համբերութեանս, 11Հալածանքներուս, չարչարանքներուս, որոնք ինծի պատահեցան Անտիոքի եւ Իկոնիոնի ու Լիւստրայի մէջ, գիտես թէ ի՛նչպէս հալածանքներու համբերեցի։ Եւ Տէրը ազատեց զիս այս ամենէն։ 12Եւ ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն։ 13Բայց չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով։ 14Սակայն դուն հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր, վասն զի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես. 15Նաեւ քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը։ 16#3:16 Կամ, Բոլոր աստուածաշունչ Գիրքը օգտակար ալԲոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար՝ ՝ է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, 17Որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy