ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8
8
ՀՈԳԻՈՎ ԿԵԱՆՔ
1Իսկ արդ դատապարտութիւն չկայ Քրիստոս Յիսուսով եղողներուն, որոնք մարմնաւոր կերպով չեն վարուիր#8.1 Ոմանք կ’աւելցնեն, այլ հոգեւոր կերպով։ 2Քանզի Քրիստոս Յիսուսով կեանքի հոգիին օրէնքը զիս ազատեց մեղքի եւ մահուան օրէնքէն։ 3Վասն զի այն որ օրէնքին համար անկարելի էր, որովհետեւ տկար էր մարմնով, Աստուած իր Որդին ղրկելով մեղանչական մարմնի նմանութեամբ ու մեղքի համար եւ դատապարտեց մեղքը այն մարմնին մէջ. 4որպէս զի օրէնքին արդարութիւնը կատարուի մեր մէջ, քանի որ մարմնաւորապէս չենք քալեր, հապա՝ հոգեւորապէս։ 5Քանզի մարմնաւոր եղողները մարմնին բաները կը մտածեն ու հոգեւոր եղողները՝ հոգիին բաները։ 6Վասն զի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է, իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն։ 7Քանզի մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. վասն զի Աստուծոյ օրնէքին չի հնազանդիր, մանաւանդ չի կրնար ալ։ 8Վասն զի մարմնով եղողները չեն կրնար Աստուծոյ հաճոյ ըլլալ։ 9Բայց դուք մարմնով չէք, հապա՝ հոգիով, եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ բնակած է. իսկ եթէ մէկը Քրիստոսին Հոգին չունի անիկա անորը չէ։ 10Եւ եթէ Քրիստոս ձեր մէջ է, ա՛լ մարմինը մեռած է մեղքի համար ու հոգին կենդանի է արդարութեան համար։ 11Իսկ եթէ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանողին Հոգին ձեր մէջ բնակած է, ուրեմն անիկա որ Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, պիտի կենդանացնէ ձեր մահկանացու մարմիններն ալ իր Հոգիովը որ ձեր մէջ կը բնակի։
12Ապա ուրեմն, եղբայրնե՛ր, պարտական ենք, ո՛չ թէ մարմնին՝ մարմնաւորապէս ապրելու համար. 13վասն զի եթէ մարմնաւորապէս ապրելու ըլլաք, պիտի մեռնիք. բայց եթէ Հոգիով մարմնին գործերը սպաննէք, պիտի ապրիք։ 14Վասն զի անոնք որ Աստուծոյ Հոգիովը կ’առաջնորդուին, անոնք Աստուծոյ որդիներն են։ 15Քանզի դուք ծառայութեան հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։ 16Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք. 17եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսին ժառանգակիցներ, որպէս զի եթէ իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, իր փառքին ալ հաղորդ ըլլանք։
ԱՊԱԳԱՅ ՓԱՌՔԸ
18Վասն զի ես այսպէս կը նկատեմ թէ այս ժամանակին չարչարանքները բան մը չեն գալու փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի։ 19Զի ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն։ 20Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, (ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց), 21այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին։ 22Քանզի գիտենք թէ բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն։ 23Եւ ոչ միայն անոնք, հապա մենք ալ որ Հոգիին առաջին պտուղը ունինք, մենք մեզմէ մեր անձերուն մէջ կը հառաչենք՝ որդեգրութեան, այսինքն մեր մարմնին ազատութեանը սպասելով։ 24Վասն զի յոյսով փրկուեցանք. բայց յոյսը երբ տեսնուի, յոյս ըլլալէ կը դադրի, վասն զի ոեւէ մէկը տեսնուած բանին ինչո՞ւ պիտի յուսայ։ 25Իսկ եթէ չտեսնուած բաներուն կը յուսանք, համբերութիւնով պիտի սպասենք անոր։ 26Նոյնպէս Հոգին ալ օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն. քանզի ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ Հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով։ 27Եւ սրտերը Քննողը գիտէ Հոգիին ի՛նչ խորհիլը, քանզի Աստուծոյ կամքին համեմատ բարեխօսութիւն կ’ընէ սուրբերուն համար։
28Սակայն գիտենք թէ ամէն բաները բարիին գործակից կ’ըլլան անոնց որ Աստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են։ 29Վասն զի զանոնք որ առաջ կը ճանչնար, առաջուընէ սահմանեց իր Որդիին պատկերին կերպարանակից ըլլալու. որպէս զի անիկա անդրանիկ ըլլայ բազմաթիւ եղբայրներու մէջ։ 30Անոնք որ նախապէս սահմանեց նաեւ կանչեց զանոնք եւ անոնք որ կանչեց, նաեւ արդարացուց զանոնք եւ անոնք որ արդարացուց, նաեւ փառաւորեց զանոնք։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ
31Ուրեմն ի՞նչ ըսենք այս բաներուն համար. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ»։ 32Ան որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր։ 33Ո՞վ է որ Աստուծոյ ընտրածներուն դէմ մեղադիր կ’ըլլայ։ Աստուած է որ կ’արդարացնէ։ 34Ուրեմն ո՞վ է որ կը դատապարտէ։ Քրիստոս է որ մեռաւ, մանաւանդ որ յարութիւն ալ առաւ ու Աստուծոյ աջ կողմն է, որ նաեւ մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ։ 35Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսին սէրէն. տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը. 36(ինչպէս գրուած է. «Ամէն օր քեզի համար կը սպաննուինք. մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք»). 37հապա այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։ 38Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, 39ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է։
Currently Selected:
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8: WA2017
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017