YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 27

27
ՅԻՍՈՒՍ ՊԻՂԱՏՈՍԻՆ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ
(Մարկ. 15.1, Ղուկ. 23.1-2, Յովհ. 18.28-32)
1Առտուն, բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդին ծերերը Յիսուսի դէմ խորհուրդ ըրին որ զանիկա մեռցնեն։ 2Կապելով զանիկա տարին Պոնտացի Պիղատոս կուսակալին ձեռքը տուին։
ՅՈՒԴԱՅԻՆ ՄԱՀԸ
(Գործ. 1.18-19)
3Այն ատեն Յուդա, որ զանիկա մատնեց, տեսնելով որ դատապարտուեցաւ, զղջաց ու երեսուն արծաթը ետ դարձուց քահանայապետներուն եւ ծերերուն 4ու ըսաւ. «Մեղա՜յ, անմեղ արիւն մատնեցի»։ Անոնք ըսին. «Մեզի ի՞նչ, դուն նայէ»։ 5Դրամը գանձանակին մէջ ձգեց ու դուրս ելաւ եւ գնաց ինքզինքը խեղդեց։ 6Քահանայապետներն ալ արծաթը առնելով՝ ըսին. «Արժան չէ ատիկա #27.6 Այսինքն, տաճարինկորբանին մէջ դնել, վասն զի արեան գին է»։ 7Ուստի խորհուրդ ըրին եւ անով բրուտին արտը ծախու առին՝ օտարներու գերեզմանատուն ըլլալու համար։ 8Այս պատճառաւ այն արտը «Արեան արտ» կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։ 9Այն ատեն կատարուեցաւ #27.9 Ոմանք չունին ԵրեմիաԵրեմիա մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Եւ առին երեսուն արծաթը, գին կտրուածին գինը, որ Իսրայէլի որդիներէն ոմանք գին կտրեցին, 10ու տուին զանիկա բրուտին արտին, ինչպէս ինծի հրաման ըրաւ Տէրը»։
ՊԻՂԱՏՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԷ
(Մարկ. 15.2-5, Ղուկ. 23.3-5, Յովհ. 18.33-38)
11Յիսուս կուսակալին առջեւ կայնեցաւ. եւ կուսակալը հարցուց անոր ու ըսաւ. «Հրէից թագաւորը դո՞ւն ես»։ Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Դուն կ’ըսես»։ 12Բայց քահանայապետներէն եւ ծերերէն ամբաստանուած ատենը բնաւ պատասխան մը չտուաւ։ 13Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոր. «Չե՞ս լսեր թէ ո՛րչափ քեզի դէմ կը վկայեն ատոնք»։ 14Անոր ալ պատասխան չտուաւ, այնպէս որ շատ զարմացաւ կուսակալը։
ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
(Մարկ. 15.6-15, Ղուկ. 23.13-25, Յովհ. 18.39—19.16)
15Բայց կուսակալը սովորութիւն ունէր տօնին ատենը կապուած մը արձակելու ժողովուրդին, ով որ ուզէին։ 16Այն ատեն Բարաբբա անունով երեւելի բանտարկեալ մը ունէին։ 17Երբ ժողվուեցան, ըսաւ անոնց Պիղատոս. «Ո՞րը կ’ուզէք որ ձեզի արձակեմ. Բարաբբա՞ն, թէ Յիսուսը՝ որ Քրիստոս կ’ըսուի». 18քանզի գիտէր թէ նախանձի համար մատնեցին զանիկա։
19Երբ անիկա ատեանը նստեր էր, անոր կինը մէկը ղրկեց անոր ու ըսաւ. «Դուն այն արդարին հետ գործ մի ունենար, վասն զի այսօր երազիս մէջ շատ դիպուածներ անցան գլխէս անոր համար»։
20Քահանայապետները եւ ծերերը ժողովուրդը համոզեցին որ Բարաբբան խնդրեն ու Յիսուսը կորսնցնեն։ 21Կուսակալը կրկին խօսեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Այս երկուքէն ո՞րը կ’ուզէք, որ ձեզի արձակեմ»։ 22Անոնք ըսին. «Բարաբբան»։ Ըսաւ անոնց Պիղատոս. «Հապա ի՞նչ ընեմ Յիսուսը, որ Քրիստոս կ’ըսուի»։ 23Ամէնքն ալ ըսին անոր. «Թող խաչուի»։ Եւ կուսակալը ըսաւ. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրաւ»։ Անոնք ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Թող խաչուի»։ 24Պիղատոս տեսնելով որ օգուտ մը չունի, հապա ա՛լ աւելի խռովութիւն կ’ըլլայ, ջուր առաւ, ձեռքերը լուաց ժողովուրդին առջեւ ու ըսաւ. «Ես այդ արդարին արիւնէն անպարտ եմ. դո՛ւք մտածեցէք»։ 25Բոլոր ժողովուրդը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ատոր արիւնը մեր վրայ ու մեր որդիներուն վրայ ըլլայ»։ 26Ստիպուած՝ Բարաբբան արձակեց անոնց եւ Յիսուսը ծեծելով անոնց ձեռքը տուաւ, որպէս զի խաչուի։
ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ԾԱՂՐԵՆ
(Մարկ. 15.16-30, Յովհ. 19.2-3)
27Այն ատեն կուսակալին զինուորները պալատէն ներս առին Յիսուսը ու բոլոր զինուորներուն գունդը անոր վրայ ժողվեցին. 28զանիկա մերկացնելով կարմիր վերարկու մը հագցուցին անոր, 29ու փուշերէ պսակ մը հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին ու եղէգ մը անոր աջ ձեռքը եւ անոր առջեւ ծունկի վրայ գալով կը ծաղրէին զանիկա ու կ’ըսէին. «Ողջո՜յն քեզ, Հրէից թագաւոր»։ 30Եւ թքնելով անոր վրայ՝ եղէգը կ’առնէին ու անոր գլխուն կը զարնէին։ 31Շարունակեցին ծաղրել զանիկա, վերարկուն վրայէն հանեցին ու իր հանդերձները հագցուցին անոր եւ տարին զանիկա խաչը հանելու։
ՅԻՍՈՒՍ ԽԱՉԻՆ ՎՐԱՅ ԳԱՄՈՒԵՑԱՒ
(Մարկ. 15.21-32, Ղուկ. 23.26-43, Յովհ. 19.17-27)
32Դուրս ելլելով, Կիւրենացի մարդ մը գտան Սիմոն անունով, զանիկա պահակ բռնեցին որպէս զի անոր խաչը վերցնէ։ 33Եկան Գողգոթա ըսուած տեղը, որ է գանկի տեղ։ 34Լեղիով խառնուած քացախ տուին անոր, որպէս զի խմէ։ Երբ համը առաւ, խմել չուզեց։ 35Զանիկա խաչը հանեցին եւ անոր հանդերձները վիճակով բաժնեցին. [որպէս զի մարգարէէն ըսուածը կատարուի, «Իմ հանդերձներս իրենց մէջ բաժնեցին եւ իմ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»]։ 36Անոնք նստեր զանիկա կը պահէին։ 37Անոր գլխուն վրայ իր յանցանքը գրուած դրին, թէ «Ասիկա է Յիսուս, Հրէից թագաւորը»։ 38Այն ատեն անոր հետ երկու աւազակ խաչուեցան, մէկը անոր աջ կողմը ու մէկը ձախ կողմը։
39Անոնք որ կ’անցնէին՝ կը հայհոյէին անոր, գլուխնին կը շարժէին, 40ու կ’ըսէին. «Դուն որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր, ինքզինքդ ազատէ։ Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, իջիր այդ խաչէն»։ 41Նոյնպէս ալ քահանայապետները դպիրներուն ու ծերերուն հետ ծաղրելով՝ կ’ըսէին. 42«Ուրիշները ազատեց, ինքզինք չի կրնար ազատել։ Եթէ Իսրայէլի թագաւոր է, թող հիմա իջնէ խաչէն եւ իրեն հաւատանք։ 43Աստուծոյ յուսացեր է, հիմա թող փրկէ ատիկա՝ եթէ կ’ուզէ։ Վասն զի ըսաւ, թէ ‘Ես Որդի Աստուծոյ եմ’»։ 44Իրեն հետ խաչուած աւազակներն ալ նոյնպէս կը նախատէին զանիկա։
ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՀԸ
(Մարկ. 15.33-41, Ղուկ. 23.44-49, Յովհ. 19.28-30)
45Վեցերորդ ժամէն մինչեւ իններորդ ժամը բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ։ 46Ժամը իննին ատենները Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Էլի՜, Էլի՜, լա՞մա սաբաքթանի». որ ըսել է՝ «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր». 47անոնցմէ ոմանք որ հոն կայներ էին, երբ լսեցին՝ ըսին. «Ատիկա Եղիան կը կանչէ»։ 48Շուտ մը անոնցմէ մէկը վազեց սպունգ մը առաւ՝ քացախով լեցուց ու եղէգի մը անցընելով տուաւ անոր որպէս զի խմէ։ 49Միւսները ըսին. «Թո՛ղ տուր, տեսնենք թէ Եղիան պիտի գա՞յ ատիկա ազատելու»։
50Յիսուս դարձեալ մեծ ձայնով աղաղակեց ու հոգին աւանդեց։
51Ահա տաճարին վարագոյրը վերէն վար երկուքի ճեղքուեցաւ, երկիր շարժեցաւ, քարերը պատռեցան, 52գերեզմանները բացուեցան ու շատ մը սուրբ ննջեցեալներու մարմիններ յարութիւն առին։ 53Եւ գերեզմաններէն ելան անոր յարութենէն յետոյ, մտան սուրբ քաղաքը ու շատերու երեւցան։
54Բայց հարիւրապետը եւ անոր հետ Յիսուսը պահողները, երբ տեսան երկրաշարժը ու եղած բաները, շատ վախցան ու ըսին. «Արդարեւ ասիկա Որդի Աստուծոյ էր»։
55Հոն շատ կիներ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին, որոնք Գալիլիայէն Յիսուսին ետեւէն եկան իրեն ծառայութիւն ընելու։ 56Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսին ու Յովսէսին մայրը Մարիամը եւ Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը։
ՅԻՍՈՒՍԻ ԹԱՂՈՒՄԸ
(Մարկ. 15.42-47, Ղուկ. 23.50-56, Յովհ. 19.38-42)
57Երբ իրիկուն եղաւ, Արիմաթիայէն հարուստ մարդ մը եկաւ, որուն անունը Յովսէփ էր, որ ինքն ալ Յիսուսի աշակերտ էր։ 58Ասիկա Պիղատոսին քով երթալով՝ Յիսուսին մարմինը խնդրեց. այն ատեն Պիղատոս հրաման ըրաւ որ մարմինը տրուի։ 59Յովսէփ մարմինը առաւ, մաքուր կտաւով փաթթեց, 60ու դրաւ իր նոր գերեզմանին մէջ՝ որ քարէ փորուած էր եւ գերեզմանին դուռը մեծ քար մը գլորելով՝ գնաց։ 61Հոն Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը՝ գերեզմանին դիմաց նստած էին։
ԳԵՐԵԶՄԱՆԻՆ ՔՈՎ ՊԱՀԱԿՆԵՐ
62Հետեւեալ օրը, որ Ուրբաթէն յետոյ էր, քահանայապետներն ու Փարիսեցիները ժողվուեցան Պիղատոսին քով 63ու ըսին. «Տէ՛ր, կը յիշենք թէ այն մոլորեցուցիչը իր կենդանութեան ատեն կ’ըսէր թէ՝ ‘Երեք օրէն յետոյ յարութիւն պիտի առնեմ’, 64ուստի հրաման ըրէ, որ մինչեւ երրորդ օրը գերեզմանին զգուշութիւն ընեն։ Չըլլայ թէ իր աշակերտները գիշերով գան զանիկա գողնան եւ ժողովուրդին ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներէն յարութիւն առաւ’. ու ետքի մոլորութիւնը առաջինէն գէշ ըլլայ»։ 65Պիղատոս անոնց ըսաւ. «Դուք ունիք պահապան զինուորներ. գացէ՛ք, զգուշութիւն ըրէք, ինչպէս որ կ’ուզէք»։ 66Անոնք ալ գացին գերեզմանին զգուշութիւն ըրին, քարը կնքելով ու պահապան զինուորներ դնելով։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 27: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in