YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 14

14
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՄԱՀԸ
(Մարկ. 6.14-29, Ղուկ. 9.7-9)
1Երբ Հերովդէս չորրորդապետը Յիսուսի համբաւը լսեց իր ծառաներուն ըսաւ. 2«Անիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է, մեռելներէն յարութիւն առած եւ անոր համար հրաշքներ կ’ըլլան անով»։
3Քանզի Հերովդէս Յովհաննէսը բռներ, զանիկա կապեր ու բանտը դրեր էր, իր եղբօր Փիլիպպոսին կնոջ՝ Հերովդիային համար։ 4Վասն զի Յովհաննէս անոր կ’ըսէր. «Քեզի օրինաւոր չէ զանիկա կին առնելը»։ 5Ուստի կ’ուզէր զանիկա սպաննել, բայց ժողովուրդէն կը վախնար, վասն զի իբրեւ մարգարէ կ’ընդունէին զանիկա։ 6Երբ Հերովդէսին ծննդեան օրը եկաւ, Հերովդիային աղջիկը խաղաց հանդէսի սրահին մէջ ու Հերովդէսին հաճելի եղաւ։ 7Ուստի երդումով խոստացաւ որ տայ անոր ի՛նչ որ ուզելու ըլլայ։ 8Անիկա առաջ իր մօրմէն խրատուելով՝ ըսաւ. «Տուր ինծի Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը՝ սկուտեղի մը վրայ»։ 9Թագաւորը տրտմեցաւ, բայց երդումներուն ու իրեն հետ նստողներուն համար հրաման ըրաւ որ տրուի։ 10Եւ մարդ ղրկելով՝ բանտին մէջ Յովհաննէսը գլխատեց։ 11Անոր գլուխը սկուտեղով բերուեցաւ ու տրուեցաւ աղջկան։ Ան ալ իր մօրը տուաւ։ 12Անոր աշակերտները եկան ու մարմինը վերցնելով թաղեցին, գացին Յիսուսին պատմեցին։
ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԸ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ
(Մարկ. 6.30-44, Ղուկ. 9.10-17, Յովհ. 6.1-14)
13Երբ Յիսուս լսեց, անկէ նաւով անապատ մը գնաց առանձին։ Երբ ժողովուրդը լսեց, ոտքով անոր ետեւէն գացին իրենց քաղաքներէն։
14 # 14.14 Ոմանք, երբ Յիսուս Երբ դուրս ելաւ, շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ ու անոնց հիւանդները բժշկեց։
15Իրիկունը իր աշակերտները եկան ու ըսին. «Հոս անապատ տեղ մըն է եւ ժամանակը ուշացած է. արձակէ ժողովուրդը, որպէս զի գիւղերը երթան ու իրենց կերակուր գնեն»։ 16Յիսուս անոնց ըսաւ. «Հարկ չէ որ ատոնք երթան, դուք տուէք անոնց որ ուտեն»։ 17Անոնք ալ ըսին. «Հոս ուրիշ բան մը չունինք, բայց միայն հինգ նկանակ ու երկու ձուկ»։ 18Ըսաւ անոնց. «Հոս, ինծի բերէք զանոնք»։ 19Եւ հրաման ըրաւ որ ժողովուրդը խոտին վրայ նստեցնեն։ Հինգ նկանակը եւ երկու ձուկը առաւ, դէպի երկինք նայելով օրհնեց ու կտրելով նկանակները աշակերտներուն տուաւ եւ աշակերտները՝ ժողովուրդին։ 20Ամէնքը կերան ու կշտացան եւ տասներկու կողով լեցուն աւելցած կտորուանքներ վերցուցին։ 21Անոնք որ կերան, հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։
ՅԻՍՈՒՍ ՋՈՒՐԻՆ ՎՐԱՅԷՆ ԿԸ ՔԱԼԷ
(Մարկ. 6.45-52, Յովհ. 6.15-21)
22Աշակերտները արտորցուց, որ նաւը մտնեն եւ իրմէ առաջ անդիի կողմը անցնին, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ։ 23Ժողովուրդը արձակելէն ետքը, ինք լեռը ելաւ առանձին աղօթք ընելու։ Երբ իրիկուն եղաւ, հոն մինակ էր, 24իսկ նաւը արդէն ծովուն մէջտեղը ալեկոծութեան մէջ էր, վասն զի հովը հակառակ կողմէն կը փչէր։ 25Գիշերուան չորրորդ պահուն Յիսուս դէպի նաւը գնաց, ծովուն վրայէն քալելով։ 26Երբ աշակերտները մէկը տեսան, որ ծովուն վրայ կը քալէր, խռովեցան եւ ըսին թէ՝ աչքի երեւոյթ մըն է։ Վախնալով կանչուըռտեցին։ 27Յիսուս խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Քաջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ 28Պետրոս պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ դուն ես, հրաման ըրէ ինծի որ քեզի գամ ջուրերուն վրայէն»։ 29Ան ալ ըսաւ. «Եկո՛ւր»։ Պետրոս ալ նաւէն իջաւ, ջուրերուն վրայէն քալեց որպէս զի Յիսուսի քով երթայ։ 30Բայց հովը սաստիկ ըլլալուն՝ վախցաւ։ Երբ սկսաւ ընկղմիլ, աղաղակեց ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ազատէ զիս»։ 31Յիսուս շուտ մը իր ձեռքը երկնցուց, բռնեց զանիկա ու ըսաւ. «Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար»։ 32Երբ նաւը ելան, հովը դադարեցաւ։ 33Անոնք որ նաւուն մէջ էին, եկան երկրպագութիւն ըրին անոր ու ըսին. «Իրաւցնէ Աստուծոյ Որդին ես դուն»։
34Անդիի կողմը անցնելով, Գեննեսարէթ հասան։ 35Երբ այն տեղի մարդիկ ճանչցան զանիկա, մարդ ղրկեցին բոլոր շրջակայ տեղերը ու բոլոր հիւանդները անոր բերին. 36եւ կ’աղաչէին անոր, որ միայն իր հանդերձին քղանցքին դպչին։ Անոնք որ դպան, բժշկուեցան։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 14: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in