ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 13
13
ՅԻՍՈՒՍ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՈՏՔԵՐԸ ԿԸ ԼՈՒԱՅ
1Զատկի տօնէն առաջ՝ Յիսուս գիտնալով թէ իր ժամանակը հասեր է, որ այս աշխարհէն ելլէ Հօրը քով, սիրելով իրենները, որոնք աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք։
2Երբ ընթրիքը կ’ըլլար, (Սատանան արդէն Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդային սրտին մէջ դրեր էր, որ զանիկա մատնէ), 3Յիսուս գիտնալով թէ Հայրը ամէն բան իր ձեռքը տուաւ եւ թէ ինք Աստուծմէ ելաւ ու Աստուծոյ քով պիտի երթայ, 4ընթրիքէն ելաւ եւ հանդերձները մէկդի դրաւ ու ղենջակ մը առնելով մէջքը փաթթեց։ 5Ետքը կոնքին մէջ ջուր լեցուց ու սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ եւ իր փաթթուած ղենջակովը սրբել։ 6Երբ եկաւ Սիմոն Պետրոսին, ան ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, դո՞ւն իմ ոտքերս պիտի լուաս»։ 7Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ես ինչ որ կ’ընեմ, դուն հիմա չես իմանար, հապա ետքը պիտի իմանաս»։ 8Պետրոս ըսաւ անոր. «Բնա՛ւ դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս»։ Պատասխան տուաւ անոր Յիսուս. «Եթէ քեզ չլուամ, դուն ինծի հետ բաժին չունիս»։ 9Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՛չ միայն ոտքերս, հապա նաեւ ձեռքերս ու գլուխս»։ 10Յիսուս ըսաւ անոր. «Լուացուածին՝ ոտքերը լուալէն զատ ուրիշ բան պէտք չէ. ա՛լ բոլորովին մաքուր է. եւ դուք մաքուր էք, ո՛չ թէ ամէնքդ», 11վասն զի կը ճանչնար զանիկա, որ զինք պիտի մատնէր. անոր համար ըսաւ. «Ոչ թէ ամէնքդ ալ մաքուր էք»։ 12Երբ անոնց ոտքերը լուաց եւ իր հանդերձները առնելով նորէն սեղան նստաւ, ըսաւ անոնց. «Գիտէ՞ք, ի՛նչ ըրի ձեզի։ 13Դուք զիս Վարդապետ ու Տէր կը կոչէք եւ աղէկ կ’ընէք, վասն զի այնպէս եմ։ 14Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք։ 15Վասն զի ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք։ 16Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ, ոչ ալ ղրկուածը զինք ղրկողէն մեծ է’։ 17Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք։ 18Ո՛չ թէ ձեր ամենուն համար կ’ըսեմ, վասն զի ես կը ճանչնամ զանոնք որ ես ընտրեցի, հապա որպէս զի այն գրուածը կատարուի թէ՝ ‘Ան որ ինծի հետ հաց կ’ուտէր, ինծի դէմ կրունկ վերցուց’։ 19Հիմակուընէ կ’ըսեմ ձեզի երբ դեռ չէ եղեր, որպէս զի երբ ըլլայ, հաւատաք թէ ես ան եմ։ 20Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ով որ կ’ընդունի զանիկա զոր ես կը ղրկեմ, զիս կ’ընդունի եւ ո՛վ որ զիս կ’ընդունի, զիս ղրկողը կ’ընդունի’»։
ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՄԱՏՆՈՒԻԼԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ
(Մատթ. 26.20-25, Մարկ. 14.17-21, Ղուկ. 22.21-23)
21Յիսուս երբ ասիկա ըսաւ, իր հոգիին մէջ խռովեցաւ եւ վկայեց՝ ըսելով. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ»։ 22Ուստի աշակերտները տարակուսած իրարու կը նայէին թէ որո՞ւ համար կ’ըսէ։ 23Աշակերտներէն մէկը կար Յիսուսին #13.23 Յուն., գոգըքով նստած, զոր Յիսուս կը սիրէր։ 24Սիմոն Պետրոս անոր աչք կ’ընէր հարցնելու թէ ո՞վ պիտի ըլլայ անիկա՝ որուն համար կ’ըսէ։ 25Ան ալ Յիսուսին կուրծքին վրայ իյնալով՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՞վ է ան»։ 26Յիսուս պատասխան տուաւ. «Անիկա է՝ որուն այս պատառը թրջելով կու տամ»։ Եւ թրջելով պատառը՝ Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդային տուաւ։ 27Պատառէն ետքը Սատանան անոր ներսը մտաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ»։ 28Բայց այս բանը սեղան նստողներէն մէ՛կը չհասկցաւ, թէ ինչո՞ւ համար ըսաւ անոր։ 29Վասն զի ոմանք կը խորհէին թէ՝ որովհետեւ գանձանակը Յուդան կը պահէր, Յիսուս անոր կ’ըսէր. «Ծախո՛ւ առ ինչ որ մեզի այս տօնին պէտք է, կամ՝ որպէս զի աղքատներուն բան մը տայ»։ 30Անիկա ալ պատառը առածին պէս շուտ մը դուրս ելաւ ու գիշեր էր։
ՆՈՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ
31Երբ անիկա դուրս ելաւ, Յիսուս ըսաւ. «Հիմա փառաւորուեցաւ Որդին մարդոյ ու Աստուած փառաւորուեցաւ անով. 32եթէ Աստուած անով փառաւորուեցաւ, Աստուած ալ զանիկա իր անձովը պիտի փառաւորէ եւ շուտով պիտի փառաւորէ զանիկա։ 33Ո՛րդեակներ, քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ եմ, զիս պիտի փնտռէք եւ ինչպէս Հրեաներուն ըսի թէ՝ ‘Ես ուր որ կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’, հիմա ձեզի ալ կ’ըսեմ. 34‘Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք’։ 35Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։
ՅԻՍՈՒՍ ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՈՒՐԱՆԱԼԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ
(Մատթ. 26.31-35, Մարկ. 14.27-31, Ղուկ. 22.31-34)
36Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՞ւր կ’երթաս»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Ուր ես կ’երթամ, դուն հիմա չես կրնար իմ ետեւէս գալ, բայց ետքը պիտի գաս իմ ետեւէս»։ 37Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ինչո՞ւ հիմա չեմ կրնար քու ետեւէդ գալ. ես իմ կեանքս ալ քեզի համար պիտի դնեմ»։ 38Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Քու կեա՞նքդ պիտի դնես ինծի համար. ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, հաւը պիտի չխօսի՝ մինչեւ դուն երեք անգամ զիս ուրանաս»։
Currently Selected:
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 13: WA2017
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017