YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 4

4
ՓՐԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ
1Քանի որ Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ մարմնով, դուք ալ նո՛յն մտքով զինուեցէք. վասն զի ան որ մարմնով չարչարուեցաւ՝ մեղանչելէ դադարեցաւ. 2որպէս զի ալ ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն պէս՝ հապա Աստուծոյ կամքին պէս ապրիք մարմնի մէջ մնացած ատեն։ 3Վասն զի հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ու գիջութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք։ 4Ու կը զարմանան՝ որ դուք նոյն անառակութեան մէջ անոնց հետ չէք վազեր ու հայհոյութիւն կ’ընեն, 5որոնք պատասխան պիտի տան անոր՝ որ պատրաստ է դատել կենդանիներն ու մեռելները։ 6Քանզի ասոր համար մեռելներուն ալ աւետարանը քարոզուեցաւ, որպէս զի դատուին մարդոց կողմանէ մարմնով ու հոգիով կենդանի ըլլան Աստուծոյ կողմանէ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇՆՈՐՀՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԻ ՏՆՏԵՍՆԵՐԸ
7Սակայն ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի զգաստ եղէ՛ք ու աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք։ 8Եւ ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ։ 9Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք առանց տրտունջ ընելու։ 10Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք Աստուծոյ զանազան շնորհներէն բարի տնտեսներու պէս։ 11Եթէ մէկը խօսի, Աստուծոյ պատգամներու պէս թող խօսի. եթէ մէկը մատակարարութիւն ընէ, որպէս թէ Աստուծոյ շնորհներու զօրութենէն թող ընէ, որպէս զի ամէն բանի մէջ Աստուած փառաւորուի Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով. որուն փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
ԻԲՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՉԱՐՉԱՐՈՒԻԼ
12Սի՛րելիներ, օտար բան մի՛ սեպէք այն նեղութեան բորբոքումը, որ ձեզ փորձելու համար կ’ըլլայ, որպէս թէ օտար բան մը ձեզի հանդիպած է. 13հապա ուրախ եղէ՛ք՝ քանի որ Քրիստոսին չարչարանքներուն հաղորդակից եղած էք, որպէս զի անոր փառքին յայտնուելու ատենն ալ ցնծութեամբ ուրախանաք։ 14Եթէ Քրիստոսին անուանը համար նախատուիք, երանելի է՛ք. վասն զի փառքի [եւ զօրութեան] եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր վրայ հանգչած է. #4.14 Ոմանք չունինարդարեւ անոնց կողմէն կը հայհոյուի անիկա, բայց ձեր կողմէն կը փառաւորուի։ 15Չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը չարչարուի իբրեւ մարդասպան կամ գող կամ չարագործ կամ իբրեւ ուրիշի բանին խառնուող. 16բայց եթէ չարչարուի իբրեւ քրիստոնեայ՝ թող չամչնայ, հապա ատոր համար թող Աստուծոյ փառք տայ։ 17Քանզի ժամանակ է որ դատաստանը Աստուծոյ տունէն սկսի։ Եթէ առաջ մեզմէ սկսի, հապա անոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ որոնք Աստուծոյ աւետարանին չեն հնազանդիր։ 18Եթէ արդարը դժուարաւ կը փրկուի, հապա ամբարիշտն ու մեղաւորը ո՞ւր պիտի գտնուին։ 19Ուստի անոնք որ Աստուծոյ կամքին համեմատ կը չարչարուին, բարիք գործելով իրենց հոգիները թող անոր յանձնեն, իբրեւ հաւատարիմ՝ Ստեղծողին։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy