1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 28:19-20
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք։ Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները որ ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը։
Compare
Explore ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 28:19-20
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 28:18
Յիսուս մօտենալով խօսեցաւ անոնց հետ։ Ապա ըսաւ. – Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ։ Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ։
Explore ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 28:18
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 28:5-6
Հրեշտակը կիներուն ըսաւ. – Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք։ Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր։ Եկէք եւ տեսէ՛ք այն տեղը ուր դրուած էր։
Explore ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 28:5-6
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 28:10
Յիսուս ըսաւ. – Մի՛ վախնաք, գացէք եւ ըսէ՛ք իմ եղբայրներուս՝ որ Գալիլեա երթան. հո՛ն պիտի տեսնեն զիս։
Explore ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 28:10
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 28:12-15
Աւագ քահանաները եւ երէցները հաւաքուելով՝ խորհրդակցեցան եւ առատ դրամ տուին պահապաններուն եւ ըսին. – Ըսէք՝ որ «իր աշակերտները գիշերով եկան եւ գողցան մարմինը, երբ մենք քնացած էինք»։ Եւ եթէ կառավարիչին ականջը հասնի ասիկա, մենք զայն կը գոհացնենք. անհո՛գ եղէք դուք։ Պահապանները դրամը առին եւ ըրին ինչ որ պատուիրուած էր իրենց։ Եւ այսպիսով այս լուրը տարածուեցաւ Հրեաներուն մէջ մինչեւ այսօր։
Explore ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 28:12-15
Home
Bible
Plans
Videos