ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 28:12-15
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 28:12-15 WANTACOC
Աւագ քահանաները եւ երէցները հաւաքուելով՝ խորհրդակցեցան եւ առատ դրամ տուին պահապաններուն եւ ըսին. – Ըսէք՝ որ «իր աշակերտները գիշերով եկան եւ գողցան մարմինը, երբ մենք քնացած էինք»։ Եւ եթէ կառավարիչին ականջը հասնի ասիկա, մենք զայն կը գոհացնենք. անհո՛գ եղէք դուք։ Պահապանները դրամը առին եւ ըրին ինչ որ պատուիրուած էր իրենց։ Եւ այսպիսով այս լուրը տարածուեցաւ Հրեաներուն մէջ մինչեւ այսօր։