1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:7
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի։
對照
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:7
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:8
Որովհետեւ խնդրողը պիտի ստանայ, փնտռողը պիտի գտնէ եւ բաղխողին առջեւ դուռը պիտի բացուի։
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:8
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:24
Ուրեմն, ով որ իմ այս խօսքերս կը լսէ եւ կը գործադրէ զանոնք, պիտի նմանի այն իմաստուն մարդուն, որ իր տունը ժայռի վրայ կը շինէ։
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:24
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:12
Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց. այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքն ու մարգարէներու ուսուցումները։
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:12
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:14
Մինչ դէպի կեանք տանող դուռը նեղ է եւ ճամբան դժուարին, եւ քիչեր միայն կը գտնեն զայն։
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:14
6
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:13
Մտէք նեղ դռնէն, քանի կորուստի տանող դուռը լայն է եւ ճամբան՝ ընդարձակ, եւ շատեր կը մտնեն անկէ։
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:13
7
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:11
Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ ն աւելի լաւ պարգեւներ պիտի տայ անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն։
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:11
8
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:1-2
Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ. որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չա փանիշ որ գործածէք՝ նոյնը Աստուած պիտի գործածէ ձեզ դատելու համար։
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:1-2
9
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:26
Իսկ ով որ իմ այս խօսքերս կը լսէ բայց չի գործադրեր զանոնք, պիտի նմանի այն յիմար մարդուն, որ իր տունը աւազի վրայ կը շինէ։
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:26
10
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:3-4
Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ եղած շիւղը կը տեսնես եւ չես անդրադառնար թէ աչքիդ մէջ գերան կայ։ Կամ, ի՞նչպէս եղբօրդ կ՚ըսես. «Ձգէ որ աչքիդ մէջ եղած շիւղը հանեմ», երբ որ գերան ունիս աչքիդ մէջ։
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:3-4
11
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:15-16
Զգուշացէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ոչխարի կերպարանքով կը մօտենան ձեզի, մինչ ներքնապէս յափշտակիչ գայլեր են։ Իրենց գործերէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշէն խաղող կը քաղե՞ն կամ տատասկէն՝ թուզ։
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:15-16
12
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:17
Լաւ ծառը լաւ պտուղ կու տայ, իսկ գէշ ծառը՝ գէշ պտուղ։
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:17
13
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:18
Լաւ ծառը գէշ պտուղ չի կրնար տալ եւ ոչ ալ գէշ ծառը՝ լաւ պտուղ։
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:18
14
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:19
Այն ծառը որ լաւ պտուղ չի տար, կը կտրուի եւ կրակը կը նետուի։
探尋 ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7:19
首頁
聖經
計畫
視訊