YouVersion 標誌
搜尋圖標

ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7

7
Ուրիշները չդատել
(Ղկ 6.37-38,41-42)
1Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ. 2որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չա փանիշ որ գործածէք՝ նոյնը Աստուած պիտի գործածէ ձեզ դատելու համար։ 3Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ եղած շիւղը կը տեսնես եւ չես անդրադառնար թէ աչքիդ մէջ գերան կայ։ 4Կամ, ի՞նչպէս եղբօրդ կ՚ըսես. «Ձգէ որ աչքիդ մէջ եղած շիւղը հանեմ», երբ որ գերան ունիս աչքիդ մէջ։ 5Կեղծաւո՛ր, նախ աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որ կարենաս յստակ տեսնել եւ ա՛պա միայն եղբօրդ աչքին շիւղը հանել։
6Ոեւէ սրբութիւն շուներուն մի՛ տաք, ձեր մարգարիտներն ալ խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք, որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան ձեր վրայ յարձակին։
Խնդրել եւ փնտռել
(Ղկ 11.9-13)
7Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի։ 8Որովհետեւ խնդրողը պիտի ստանայ, փնտռողը պիտի գտնէ եւ բաղխողին առջեւ դուռը պիտի բացուի։ 9Ձեր մէջ կա՞յ հայր մը, որուն զաւակը հաց ուզէ եւ ինք քար տայ անոր, 10եւ կամ օձ տայ՝ երբ զաւակը ձուկ խնդրէ։ 11Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ ն աւելի լաւ պարգեւներ պիտի տայ անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն։
12Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց. այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքն ու մարգարէներու ուսուցումները։
Նեղ դուռը
(Ղկ 13.24)
13Մտէք նեղ դռնէն, քանի կորուստի տանող դուռը լայն է եւ ճամբան՝ ընդարձակ, եւ շատեր կը մտնեն անկէ։ 14Մինչ դէպի կեանք տանող դուռը նեղ է եւ ճամբան դժուարին, եւ քիչեր միայն կը գտնեն զայն։
Ծառը եւ իր պտուղը
(Մտ 12.33, Ղկ 6.43-44)
15Զգուշացէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ոչխարի կերպարանքով կը մօտենան ձեզի, մինչ ներքնապէս յափշտակիչ գայլեր են։ 16Իրենց գործերէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշէն խաղող կը քաղե՞ն կամ տատասկէն՝ թուզ։ 17Լաւ ծառը լաւ պտուղ կու տայ, իսկ գէշ ծառը՝ գէշ պտուղ։ 18Լաւ ծառը գէշ պտուղ չի կրնար տալ եւ ոչ ալ գէշ ծառը՝ լաւ պտուղ։ 19Այն ծառը որ լաւ պտուղ չի տար, կը կտրուի եւ կրակը կը նետուի։ 20Ուրեմն իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։
Ճշմարիտ աշակերտները
(Ղկ 13.25-27)
21Չկարծէք թէ ով որ ինծի «Տէ՛ր, Տէ՜ ր» կ՚ըսէ, երկինքի արքայութիւնը պիտի մտնէ. այլ պիտի մտնէ միայն անիկա, որ երկինքի մէջ գտնուող իմ Հօրս կամքը կը կատարէ։ 22Երբ այդ օրը գայ, շատեր պիտի ըսեն ինծի. «Տէ՛ր, Տէ՜ ր, չէ՞ որ քու անունովդ Աստուծոյ պատգամները փոխանցեցինք, քու անունովդ չար ոգիներ դուրս հանեցինք եւ քու անունովդ բազմաթիւ հրաշքներ գործեցինք»։ 23Այն ատեն պիտի յայտարարեմ անոնց. «Բնա՛ւ ձեզ չեմ ճանչնար։
Հեռացէ՛ք ինձմէ դուք բոլորդ, որ չարիք կը գործէիք»։
Ժայռի վրայ շինել տունը
(Մր 1.22, Ղկ 4.32, 6.47-49)
24Ուրեմն, ով որ իմ այս խօսքերս կը լսէ եւ կը գործադրէ զանոնք, պիտի նմանի այն իմաստուն մարդուն, որ իր տունը ժայռի վրայ կը շինէ։ 25Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, բայց տունը չի կործանիր, որովհետեւ ժայռի վրայ հաստատուած է։ 26Իսկ ով որ իմ այս խօսքերս կը լսէ բայց չի գործադրեր զանոնք, պիտի նմանի այն յիմար մարդուն, որ իր տունը աւազի վրայ կը շինէ։ 27Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, եւ տունը կը կործանի։ Եւ ի՜ նչ ահաւոր կ՚ըլլայ այդ տան կործանումը։
28Երբ Յիսուս վերջացուց այս խօսքերը, ժողովուրդը կը հիանար անոր ուսուցման վրայ, 29որովհետեւ հեղինակութեամբ կ՚ուսուցանէր եւ ո՛չ թէ Օրէնքի ուսուցիչներուն պէս։

醒目顯示

分享

複製

None

想在你所有裝置上儲存你的醒目顯示?註冊帳戶或登入