ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22
22
Դաւ Յիսուսի դէմ
(Մտ 26.1-5,14-16, Մր 14.1-2,10-11, Յհ 11.45-53)
1Մօտեցած էր Բաղարջակերաց տօնը, որ Զատիկկը կոչուի։ 2Աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները սկսան Յիսուսը ծածկաբար սպաննելու հնարք մը փնտռել, քանի ժողովուրդէն կը վախնային։
3Ապա Սատանան մտաւ Իսկարիոտացի կոչուած Յուդային մէջ, որ տասներկու աշակերտներէն մէկն էր։ 4Ասիկա գնաց եւ խօսեցաւ աւագ քահանաներուն, Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ տաճարի պահակապետներուն հետ, որպէսզի Յիսուսը անոնց յանձնէ։ 5Անոնք շատ ուրախացան եւ խոստացան դրամ տալ իրեն։ 6Յուդա համաձայնեցաւ եւ յարմար առիթ մը կը փնտռէր, որպէսզի Յիսուսը մատնէ անոնց՝ ժողովուրդէն ծածուկ։
Զատկական ընթրիքի պատրաստութիւն
(Մտ 26.17-19, Մր 14.12-16)
7Եկաւ Բաղարջակերաց օրը, երբ պէտք էր որ Զատիկին համար գառնուկը մորթուէր։ 8Յիսուս Պետրոսն ու Յովհաննէսը ղրկեց՝ պատուիրելով.
– Գացէք եւ զատկական ընթրիքը պատրաստեցէք, որպէսզի ուտենք։
9Անոնք հարցուցին.
– Ո՞ւր կ՚ուզես որ ընթրիքը պատրաստենք։
10Յիսուս ըսաւ.
– Հազիւ քաղաք մտած՝ մարդու մը պիտի հանդիպիք, որ ջուրի սափոր մը շալկած է։ Հետեւեցէ՛ք անոր եւ մտէք այն տունը ուր ինք կը մտնէ, 11եւ տանտիրոջ ըսէք. «Վարդապետը կ՚ըսէ, թէ ո՛ւր է սենեակը ուր ես աշակերտներուսհետ զատկական ընթրիքը պիտի ուտեմ»։ 12Անիկա վերնայարկը մեծ եւ կահաւորուած սենեակ մը ցոյց պիտի տայ ձեզի։ Հոն պատրաստեցէք ընթրիքը։
13Անոնք գացին եւ ամէն ինչ գտան Յիսուսի ըսածինպէս եւ պատրաստեցին զատկական ընթրիքը։
Վերջին ընթրիքը
(Մտ 26.20-30, Մր 14.17-25, Յհ 13.21-30, Ա.Կր 11.23-25)
14Երբ ժամը հասաւ, Յիսուս տասներկու առաքեալներուն հետ սեղան բազմեցաւ, եւ ըսաւ անոնց.
– 15Շատ փափաքեցայ զատկական այս ընթրիքը ձեզի հետ ընել չարչարուելէս առաջ։ 16Բայց կ՚ըսեմ ձեզի, թէ այլեւս ասկէ պիտի չուտեմ, մինչեւ որ ճշմարիտ Զատիկը կատարուի Աստուծոյ արքայութեան մէջ։
17Ապա գինիի բաժակը առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ ըսաւ.
– Առէ՛ք ասիկա եւ իրարու փոխանցեցէք՝ խմելով ասկէ։ 18Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ասկէ ետք գինի պիտի չխմեմ, մինչեւ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ։
19Ապա հաց առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ, ըսելով.
– Ասիկա մարմինս է, որ ձեզի համար տրուած է։ Ասիկա կատարեցէք իմ յիշատակիս համար։
20Նոյնպէս, ընթրիքէն ետք, բաժակն ալ առաւ եւ ըսաւ.
– Այս բաժակը Աստուծոյ նոր ուխտն է, կնքուած իմ արիւնովս, որ ձեզի համար կը հոսի։ 21Բայց ահա զիս մատնողը ինծի հետ սեղան նստած է։ 22Ճիշդ է որ Մարդու Որդին պիտի մեռնի՝ ինչպէս որ Աստուած սահմանած է, բայց վա՜յ այն մարդուն որ զայն կը մատնէ։
23Անոնք սկսան իրարու հարցնել թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի ընէ ատիկա։
Վէճ մեծութեան մասին
(Մտ 18.1,19-28, 20.25-28, Մր 9.34, 10.42-45)
24 Աշակերտներուն մէջ վէճ ծագեցաւ թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի նկատուի մեծը։ 25Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Ազգերու թագաւորները կը տիրեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ եւ իշխողները բարերար կը կոչուին իրենց հպատակներուն կողմէ։ 26Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ։ Ընդհակառակը, ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս։ 27Ո՞վ է մեծը. սեղան բազմո՞ղը թէ սպասաւորը։ Անշուշտ որ սեղան բազմողը։ Բայց ես ձեր մէջ սպասաւորի պէս եմ։ 28Դուք միշտ քովս մնացիք փորձութիւններուս ընթացքին, 29եւ ես ահա կը խոստանամ թագաւորութիւն տալ ձեզի, ինչպէս Հայրս ինծի տալ խոստացաւ։ 30Իմ թագաւորութեանս մէջ իմ սեղանէս պիտի ուտէք ու խմէք եւ պիտի բազմիք գահերու վրայ՝ դատելու համար Իսրայէլի տասներկու ցեղերը։
Յիսուս Պետրոսի ուրանալը կը գուշակէ
(Մտ 26.31-35, Մր 14.27-31, Յհ 13.36-38)
31Ապա Տէրը ըսաւ.
– Սիմո՛ն, Սիմո՛ն, ահա Սատանան ուզեց ձեզ ցորենի պէս մաղէ անցընել. 32բայց ես քեզի համար աղօթեցի, որ հաւատքդ չտկարանայ. եւ երբ կրկին ինծի դառնաս՝ եղբայրներդ ալ քաջալերես։
33Պետրոս ըսաւ.
– Տէ՛ր, պատրաստ եմ քեզի հետ թէ՛ բանտ երթալու եւ թէ՛ մեռնելու։
34Յիսուս ըսաւ.
– Պետրո՛ս, քեզի կ՚ըսեմ՝ որ այսօր աքաղաղը չկանչած, երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս՝ ըսելով որ զիս չես ճանչնար։
Պատրաստ ըլլալ փորձութիւնը դիմագրաւելու
35Ապա Յիսուս աշակերտներուն ըսաւ.
– Երբ ձեզ առանց քսակի, ճամբու պարկի եւ կօշիկի ղրկեցի, արդեօք բանի մը պէտք ունեցա՞ք։
36Անոնք պատասխանեցին.
– Ո՛չ մէկ բանի։
Եւ ըսաւ.
– Բայց այժմ, ով որ քսակ կամ ճամբու պարկ ունի, թող առնէ։ Իսկ ան որ սուր չունի՝ թող իր վերարկուն ծախէ եւ իրեն համար սուր գնէ։ 37Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ իմ մասիս Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուածը, թէ՝ «Չարագործներուն կարգին դասուեցաւ», պէտք է իրականանայ, որովհետեւ ինչ որ իմ մասիս գրուած է՝ ահա կը կատարուի։
38Աշակերտները ըսին.
– Տէ՛ր, ահաւասիկ հոս երկու սուր կայ։
Յիսուս ըսաւ.
– Կը բաւէ՛։
Յիսուս կ՚աղօթէ Ձիթենեաց լերան վրայ
(Մտ 26.36-46, Մր 14.32-42)
39Ապա Յիսուսիր սովորութեան համաձայն ելաւ գնաց
Ձիթենեաց լեռ։ Աշակերտներն ալ իրեն հետեւեցան։ 40Երբ հոն հասաւ, ըսաւ անոնց.
– Աղօթեցէք որ փորձութեան մէջ չիյնաք։
41Իսկ ինք քարընկէց մը հեռացաւ անոնցմէ, ծունկի եկաւ եւ աղօթեց, 42ըսելով.
– Հա՛յր, եթէ ուզես՝ այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ. բայց ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ քու կամքդ թող ըլլայ։
43Երկինքէն իրեն հրեշտակ մը երեւցաւ, որ զինք կը զօրացնէր։ 44Տագնապի մէջ ըլլալով՝ աւելի ջերմեռանդութեամբ կ՚աղօթէր, եւ քրտինքը արիւնի կաթիլներու պէս ոլոռ–ոլոռ գետին կը հոսէր։
45Աղօթքէն ելլելով՝ Յիսուս աշակերտներուն մօտ եկաւ եւ զանոնք իրենց տրտմութենէն յոգնած, քնացած գտաւ 46եւ ըսաւ.
– Ինչո՞ւ կը քնանաք. ելէք եւ աղօթեցէ՛ք, որ փորձութեան մէջ չիյնաք։
Յիսուսի ձերբակալութիւնը
(Մտ 26.47-56, Մր 14.43-50, Յհ 18.3-11)
47Տակաւին կը խօսէր, երբ ահա հասաւ ամբոխ մը՝ Յուդայի առաջնորդութեամբ, որ տասներկու աշակերտներէն էր։ Յուդա երբ մօտեցաւ Յիսուսի, համբուրեց զայն։ Որովհետեւ մատնիչը անոնց նշան տուած էր, ըսելով.
– Ով որ համբուրեմ՝ անիկա է Յիսուսը. ձերբակալեցէք զայն։
48Յիսուս ըսաւ անոր.
– Յուդա՛, համբուրելո՞վ կը մատնես Մարդու Որդին։
49Աշակերտները, որոնք Յիսուսի շուրջն էին եւ պատահածը տեսան, ըսին անոր.
– Տէ՛ր, սուրով զարնե՞նք անոնց։
50Աշակերտներէն մէկը Քահանայապետին ծառային զարկաւ եւ անոր աջ ականջը կտրեց։
51Յիսուս ըսաւ.
– Կեցէ՛ք, կը բաւէ՛։
Ապա դպաւ ծառային ականջին եւ բժշկեց զայն։ 52Իսկ աւագ քահանաներուն, տաճարի սպաներուն եւ երէցներուն, որոնք եկած էին զինք ձերբակալելու, ըսաւ.
– Աւազա՞կ եմ որ այդպէս սուրերով ու բիրերով վրաս կը յարձակիք։ 53Ամէն օր ձեզի հետ էի տաճարին մէջ եւ չփորձեցիք զիս ձերբակալել։ Բայց ասիկա ահա ձեր ժամն է, խաւարի իշխանութեան ժամը։
Պետրոս կ՚ուրանայ Յիսուսը
(Մտ 26.57-58,69-75, Մր 14.53-54,66-72, Յհ 18.12-18,25-27)
54Անոնք ձերբակալեցին Յիսուսը եւ բերին Քահանայապետին տունը։ Պետրոս հեռուէն կ՚երթար անոր ետեւէն։ 55Երբ գաւիթին մէջտեղը կրակ վառեցին եւ շուրջը նստան, Պետրոս ալ անոնց մէջ տեղաւորուեցաւ։ 56Աղախին մը, տեսնելով Պետրոսը, որ կրակին մօտ նստեր էր, շեշտակի նայեցաւ անոր եւ ըսաւ.
– Ասիկա ալ անոր հետ էր։
57Պետրոս ուրացաւ եւ ըսաւ.
– Ո՛վ կին, չե՛մ ճանչնար զայն։
58Քիչ ետք ուրիշ մէկն ալ զինք տեսաւ եւ ըսաւ.
– Դո՛ւն ալ անոնցմէ ես։
Պետրոս ըսաւ.
– Ո՛վ մարդ, ես անոնցմէ չեմ։
59Շուրջ ժամ մը ետք, ուրիշ մէկն ալ կը պնդէր ու կ՚ըսէր.
– Ճի՛շդ է, ասիկա ալ անոր հետ էր, որովհետեւ Գալիլեացի է։
60Պետրոս ըսաւ.
– Ո՛վ մարդ, չեմ գիտեր թէ ի՛նչ կը խօսիս։
Եւ անմիջապէս, մինչ Պետրոս ասիկա կ՚ըսէր, աքաղաղը կանչեց։ 61Տէրը դարձաւ եւ նայեցաւ Պետրոսի։ Իսկ Պետրոս յիշեց Տիրոջ խօսքը որ ըսած էր իրեն, թէ «Տակաւին աքաղաղը չկանչած, երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս՝ ըսելով թէ զիս չես ճանչնար»։ 62Դուրս ելաւ եւ լացաւ դառնագին։
Յիսուս կը ծաղրուի եւ կը ծեծուի
(Մտ 26.67-68, Մր 14.65)
63Այն մարդիկը, որոնք Յիսուսի վրայ պահակ կեցած էին, կը ծաղրէին զինք եւ կը ծեծէին։ 64Դէմքը կը ծածկէին, կը զարնէին ու կը հարցնէին.
– Գիտցի՛ր, ո՞վ է քեզի զարնողը։
65Եւ ուրիշ շատ մը հայհոյալից խօսքերով կը նախատէին զինք։
Յիսուս Ատեանին առջեւ
(Մտ 26.59-66, Մր 14.55-64, Յհ 18.19-24)
66Երբ առաւօտ եղաւ, ժողովուրդին երէցները, աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները հաւաքուեցան, Յիսուսը բերել տուին իրենց Ատեանը 67եւ ըսին անոր.
– Եթէ դուն ես Քրիստոսը, ըսէ՛ մեզի։
Յիսուս պատասխանեց.
– Եթէ ըսեմ՝ պիտի չհաւատաք, 68եւ եթէ հարցում ընեմ ձեզի՝ պատասխան պիտի չտաք եւ ոչ ալ պիտի արձակէք զիս։ 69Բայց ասկէ ետք Մարդու Որդին պիտի նստի ամենազօր Աստուծոյ աջ կողմը։
70Բոլորը ըսին.
– Ուրեմն դուն Աստուծոյ Որդի՞ն ես։
Յիսուս պատասխանեց.
– Դուք կ՚ըսէք արդէն որ ես եմ։
71Անոնք ըսին.
– Ալ ի՞նչ պէտք կայ վկայութեան, որովհետեւ մենք անձամբ լսեցինք ի՛ր իսկ բերնէն։
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019