1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:1
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Յիսուս առակ մը պատմեց իր աշակերտներուն, ցոյց տալու համար թէ պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու։
موازنہ
تلاش ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:1
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:7-8
Իսկ Աստուած որքա՞ն պիտի համբերէ իր ընտրեալներուն կրած անիրաւութեան. պիտի չպաշտպանէ՞ զանոնք, որոնք գիշեր ու ցերեկ իրեն կը դիմեն։ Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի՝ որ անոնց իրաւունքը անմիջապէս պիտի պաշտպանէ։ Բայց Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ։
تلاش ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:7-8
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:27
Յիսուս պատասխանեց. – Ինչ որ անկարելի է մարդոց համար՝ կարելի է Աստուծոյ համար։
تلاش ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:27
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:4-5
Դատաւորը երկար ժամանակ մերժեց դատը տեսնել, սակայն ի վերջոյ ըսաւ ինքնիրեն. «Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չանհանգստացնէ»։
تلاش ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:4-5
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:17
Լաւ գիտցէք, ով որ Աստուծոյ արքայութիւնը չ՚ընդունիր մանուկի մը պէս, հոն պիտի չմտնէ։
تلاش ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:17
6
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:16
Սակայն Յիսուս իր մօտ կանչեց մանուկները եւ ըսաւ. – Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը։
تلاش ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:16
7
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:42
Յիսուս ըսաւ անոր. – Ուրեմն տե՛ս. հաւատքդ քեզ բժշկեց։
تلاش ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:42
8
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:19
Յիսուս ըսաւ անոր. – Ի՞նչու զիս բարի կը կոչես. միայն Աստուած բարի է։
تلاش ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 18:19
صفحہ اول
بائبل
مطالعاتی منصوبہ
Videos