1
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:22
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք»։
موازنہ
تلاش ՄԱՏԹԷՈՍ 21:22
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:21
Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը ըսէք ‘Ելի՛ր ու ծովը ինկիր’, պիտի իյնայ։
تلاش ՄԱՏԹԷՈՍ 21:21
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:9
Ժողովուրդը առջեւէն ու ետեւէն կ’երթար, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի։ Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Ովսա՛ննա ի բարձունս»։
تلاش ՄԱՏԹԷՈՍ 21:9
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:13
եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։
تلاش ՄԱՏԹԷՈՍ 21:13
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:5
«Ըսէք Սիօնի աղջկան. ‘Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ, հեզ ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի, վրայ’»։
تلاش ՄԱՏԹԷՈՍ 21:5
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:42
Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր գրքին մէջ, ‘Այն քարը զոր շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’։ Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն։
تلاش ՄԱՏԹԷՈՍ 21:42
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:43
Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ։
تلاش ՄԱՏԹԷՈՍ 21:43
صفحہ اول
بائبل
مطالعاتی منصوبہ
Videos