1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:15
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Իսկ պարարտ հողը կը նմանի այն մարդոց, որոնք բարի եւ ուրախ սիրտով կը լսեն Աստուծոյ խօսքը ու կ՚ընդունին զայն, եւ յարատեւելով՝ պտուղ կու տան։
เปรียบเทียบ
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:15
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:14
Փուշերով ծածկուած հողը կը նմանի այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն, սակայն երկրաւոր կեանքի հոգերը, հարստութիւնը եւ հաճոյքները, որոնցմով կ՚ապրին՝ կը խեղդեն իրենց մէջ ինկած սերմերը եւ անպտուղ կը դառնան։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:14
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:13
Ժայռոտ հողը նմանութիւնն է անոնց, որոնք երբ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը՝ ուրախութեամբ կ՚ընդունին. սակայն ասոնք արմատ չունին, այսինքն՝ ժամանակուան մը համար կը հաւատան եւ փորձութեան ժամանակ կը հեռանան։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:13
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:25
Ապա աշակերտներուն ըսաւ. – Ո՞ւր է ձեր հաւատքը։ Անոնք սարսափած՝ հիացումով իրարու ըսին. – Ո՞վ է արդեօք այս մարդը, որովհետեւ կը հրահանգէ հովերուն եւ ալիքներուն, եւ կը հնազանդին իրեն։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:25
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:12
Ճամբուն եզերքը գտնուող հողը պատկերն է այն մարդոց, որոնք կը լսեն, սակայն Սատանան գալով անոնց սիրտէն կը հանէ Աստուծոյ խօսքը, որպէսզի չհաւատան եւ չփրկուին։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:12
6
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:17
Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:17
7
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:47-48
Երբ կինը տեսաւ թէ չէր կրնար եղածը Յիսուսէն ծածուկ պահել, դողալով եկաւ ինկաւ անոր ոտքերուն առջեւ եւ բոլորին դիմաց ըսաւ, թէ ինչո՛ւ համար դպած էր անոր եւ թէ ի՛նչպէս վայրկեանին բժշկուած էր։ Յիսուս անոր ըսաւ. – Աղջիկս, քաջալերուէ՛, հաւատքդ քեզ փրկեց. խաղաղութեամբ գնա։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:47-48
8
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:24
Աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ արթնցուցին զինք, ըսելով. – Վարդապե՛տ, Վարդապե՛տ, ահա կը կորսուինք։ Յիսուս ոտքի ելաւ, սաստեց հովը եւ ալեկոծեալ ջուրերը, որոնք հանդարտեցան եւ խաղաղութիւն տիրեց։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8:24
หน้าหลัก
พระคัมภีร์
แผนการอ่านต่างๆ
วิดีโอ