1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:13
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ն աւելի լաւ պարգեւ մը՝ Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն։
เปรียบเทียบ
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:13
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:9
Ես ալ ձեզի կ՚ըսեմ.է Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:9
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:10
Որովհետեւ խնդրողը կը ստանայ, փնտռողը կը գտնէ եւ բաղխողին առջեւ դուռը պիտի բացուի։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:10
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:2
Յիսուս ըսաւ. – Երբ կ՚աղօթէք, ըսէք. «Հա՜յր մեր, սրբաբանուի՛ անունդ. թող գայ արքայութիւնդ։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:2
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:4
Եւ ներէ՛ մեր մեղքերը , քանի մենք ալ կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են։ Եւ թոյլ մի՛ տար որ փորձութեան մէջ իյնանք»։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:4
6
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:3
Ամենօրեայ մեր հացը շնորհէ՛ մեզի օրէ օր։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:3
7
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:34
Աչքն է մարմնին ճրագը. երբ աչքդ առողջ է՝ ամբողջ մարմինդ լուսաւոր կ՚ըլլայ, իսկ երբ աչքդ վատառողջ է՝ ամբողջ մարմինդ խաւար կ՚ըլլայ։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:34
8
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:33
Ոեւէ մէկը ճրագը վառելէ ետք չի պահեր կամ կաթսայի տակ չի դներ, այլ աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։
สำรวจ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:33
หน้าหลัก
พระคัมภีร์
แผนการอ่านต่างๆ
วิดีโอ